ՀՅԴ Ջահ Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ. «Ճանչնանք Մեր Հայրենիքը» Նիւթով Միջդպրոցական Ներկայացում-Մրցանք
Երէկ` կիրակի, 11 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ՋԱՀ յանձնախումբի կազմակերպած «Ճանչնանք մեր հայրենիքը» նիւթով միջդպրոցական ներկայացում – մրցանքը:
Իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հինգ վարժարաններ` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան եւ Ազգային Յառաջ- Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարան:
Դատական կազմի անդամներն էին` Լեւոն Նորտիկեան («Իւ. Էս. Ժի.» համալսարանի թանգարանի տնօրէն եւ նոյն համալսարանի դասախօս), Սեդա Խտըշեան – ընկերաբան), Անդրանիկ Տագէսեան (Երեւանի պետական համալսարանէն, դոկտոր քաղաքական գիտութիւններու եւ Հայկազեան համալսարանի սփիւռքի բաժանմունքի տնօրէն) եւ Կարօ Յովհաննէսեան (վաստակաւոր դաստիարակ եւ ուսուցիչ):
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետ Յակոբ Գառնէշեան: Ապա իւրաքանչիւր դպրոց հերթական դրութեամբ ներկայացուց իրեն բաժին ինկած շրջանը:
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանը ներկայացուց Սասունը: Ճեմարանի աշակերտները գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով մը ներկայացուցին Սասունցի Դաւիթէն պատկեր մը եւ Սասնոյ աւանդական հարսանիք մը, պարեցին Եարխուշտա: Անդրադարձան Սասունի պատմական հոլովոյթին, ներկայացուցին Սասնոյ աշխարհագրութիւնը: Աշակերտները նաեւ հարցազրոյց կատարած էին Սասունի հայերու մասնագէտ դոկտ. Ռենտի Հեմըլինքի հետ եւ Սասունէն Պոլիս տեղափոխուած հայուհիի մը հետ: Աշակերտները ներկաներուն հրամցուցին Սասնոյ հալվա:
Համշէնն ու համշէնահայերը ներկայացուեցան Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտներուն կողմէ: Տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն, ապա կլոր սեղանի ընդմէջէն անոնք անդրադարձան Համշէնի պատմական տուեալներուն եւ սովորութիւններուն, զեկուցաբերներու միջոցով ծանօթացուցին համշէնցիներուն: Արծարծուեցաւ Համշէնի բարբառի պահպանման կարեւորութիւնը, Համշէնէն տեղի ունեցող արտագաղթը եւ իսլամ կրօնը ընդունելու խնդիրը: Անոնք նաեւ ընդգծեցին սփիւռքահայերու եւ համշէնցիներու միջեւ գոյութիւն ունեցող նմանութիւնները: Իբրեւ ծրագիր ներկայացուցին, որ պէտք է գործակցութիւն մշակել համշէնահայութեան հետ, զանոնք սփիւռք հրաւիրել, դասախօսութիւններ կազմակերպել եւ առաջարկեցին Համշէնի մէջ կեդրոն հաստատել, որպէսզի ընթացք առնեն հայոց լեզուի դասաւանդութիւնները: Անոնք հաստատեցին, որ համշէնցին հայ է: Ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը: Վերջաւորութեան ցուցադրուեցաւ հարցազրոյց մը` համշէնահայ այցելուի մը հետ:
Երրորդ ներկայացումը կատարուեցաւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին կողմէ: Անոնք դասապահի մը ընդմէջէն բեմականացուցին Կարինի զանազան երեսները: Անդրադարձան Կարինի աշխարհագրական դիրքին եւ պատմական տուեալներուն: Ներկայացուցին կարնեցիներու աշխատանքը, մշակութային կեանքը, եկեղեցիները, արշաւները, անոնց ուտելիքներուն մասին գիտելիքներ եւ բաղադրատոմս մը: Ըսին, թէ այսօր Կարինի մէջ շուրջ 200 հայ կ՛ապրի եւ ներկայացուցին Կարինի ներկայի պատկերը եւ թուարկեցին Կարնոյ մեծատուններու անուններ: Ներկաներուն հրամցուցին Կարնոյ կոլոլակ (քէօֆթէ):
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները ներկայացուցին Արցախ աշխարհը: Սկսելով Արցախի քայլերգէն անոնք ներկայացուցին Արցախի բնութիւնը, պատմական տուեալները եւ աշխարհագրութիւնը, Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող արհեստներն ու արուեստները: Արուեստի մարզի մէջ անոնք ներկայացուցին երգեր եւ պար մը: Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը: Խօսուեցաւ արցախեան ազատագրական պայքարին մասին: Անոնք ներկայացուցին Արցախ այցելութենէն քաղուած պատկերներ եւ յուշեր:
Վերջին ներկայացումը կատարեցին Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանի աշակերտները: Անոնք ներկայացուցին Գիւմրին: Համակարգչային ցուցադրութեամբ անդրադարձան Գիւմրիի պատմութեան եւ աշխարհագրութեան, ինչպէս նաեւ ականաւոր դէմքերուն, ապա ցուցադրուեցաւ Գիւմրիին նուիրուած տեսահոլովակ մը:
Դատական կազմի անդամները բարձր գնահատեցին բոլորին մասնակցութիւնը եւ դրուատիքով արտայայտուեցան յանձնախումբին այս նախաձեռնութեան մասին: Դատական կազմը մատնանշեց իւրաքանչիւր վարժարանի ներկայացման դրական եւ բացասական կողմերը եւ որոշեց, թէ նկատի ունենալով, որ ներկայացումները բոլորն ալ ունէին դրական կողմեր եւ բոլորն ալ արժանի էին գնահատանքի, ուստի բոլորն ալ յաղթական նկատուեցան եւ անոնց տրամադրուեցաւ «Յուշամատեան» կայքի հրատարակութենէն մէկական օրինակ, ինչպէս նաեւ 9 մայիսի` Շուշիի ազատագրութեան 22-ամեակին առիթով իւրաքանչիւր դպրոցի տրամադրուեցաւ Արցախի դրօշը:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին: Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

