Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Մամլոյ Ասուլիսը

PROFOTO

PROFOTO

Շաբաթ, 10 մայիս 2014-ին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը տուաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ բազմաթիւ հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու:

Ներկաներուն կարգին էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամ, Ժամմալ Մաուաս, որ կը ներկայացնէր երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Ֆայսալ Քարամէն, Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժան Թապեթ, Ռոպեր Ապու Ապտալլա (ֆետերասիոնի նախկին նախագահ), Ժիհատ Սալամէ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամները, Ա. դասակարգի ակումբներուն նախագահները, ֆետերասիոնը հովանաւորող ընկերութիւնները եւ մարզական լրագրողները:

Իր արտասանած խօսքին մէջ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար ըսաւ, որ լիբանանեան պասքեթպոլը վերստին կեանքի կոչուեցաւ, երբ ՖԻՊԱ-ն յայտարարեց, որ Լիբանանի դէմ սահմանուած պատիժը բեկանուեցաւ:

Նասսար խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարին, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանին, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայեցին` ի շահ Լիբանանի դէմ սահմանուած պատիժին բեկանումին:

Ան ըսաւ, որ նախարար Հեննաուի պէտք է նիւթական կարեւոր օժանդակութիւն տրամադրէ, որպէսզի կարելի ըլլայ դարձեալ վերակենդանացնել Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբերը:

Ան իր խօսքը եզրափակելով ըսաւ, որ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ Լիբանանի մարզական լրագրողներուն, որոնք միշտ զօրավիգ կը կանգնին ֆետերասիոնին:

Ժան Համմամի եւ Սիմոն Ապի Ռամիայի արտասանած խօսքերէն ետք, ֆետերասիոնի նախագահն ու անոր անդամներէն ոմանք յատուկ յուշանուէրներ տուին Ապի Ռամիային եւ Համմամին, ինչպէս նաեւ Քարամէի եւ Խաչերեանի ներկայացուցիչներուն:

Նասսար եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը շուտով պիտի այցելեն նախարար Հեննաուիի` անոր եւս փոխանցելու յուշանուէր մը:

Share this Article
CATEGORIES