Թուրք Մարզիկը Հրաժարեցաւ Մենամարտիլ Դաւիթ Խաչատրեանի Դէմ

1005yaroslavՇաբաթ, 10 մայիս 2014-ին, մամլոյ ասուլիսէ մը ետք Թուրքիա հրաժարեցաւ, որ «Մարտեր` առանց օրէնքներու» մարզաձեւի իր մարզիկը Եարոսլաւ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք ախոյեանութեան ընթացքին մրցի Դաւիթ Խաչատրեանի դէմ, կը հաղորդէ ArmSport.am հայկական լրատուական գործակալութիւնը` իր այս լուրը քաղելով Արմֆայթինկ ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն:

Պատճառը… 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակող պատճառով Դաւիթ Խաչատրեանի հանդէս գալն էր: Այս մենամարտը Թուրքիոյ մէջ պիտի ցուցադրուէր ուղղակի պատկերասփռումով:

«Եթէ այդ պաստառը չըլլայ` համաձայն ենք», նշեց թուրք մարզիկին մարզիչը:

Հասան Կենճպէյ աւելցուց ըսելով. «Դուք կը զբաղիք սուտով եւ միջազգային քաղաքական սուտ մը կը տարածէք»:

Իսկ Դաւիթ Խաչատրեան պատասխանեց. «Դուք ալ ձեր պաստառին վրայ գրեցէք, թէ 1915-ին ցեղասպանութիւն չէ եղած, եւ կը տեսնէք, թէ ամբողջ աշխարհը որո՛ւն կը հաւատայ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES