ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» Մասնաճիւղ. Ամբողջական Հայաստանի Տեսլականին Նուիրուած «Յուսախաբ, Ո՛չ Յուսահատ» Խորագիրով Ձեռնարկ

dzadourԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 10 մայիս 2014-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Յուսախաբ, ո՛չ յուսահատ» վերնագիրը կրող ձեռնարկ մը:

ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Մեղրի Շամմասեան, որ շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութիւնը յուսախաբութիւններով լեցուն ըլլալով հանդերձ, հայ երիտասարդը այսօր պիտի չյուսահատի, որովհետեւ Հայ դատի պայքարը իր բազմաճակատ բնոյթով երիտասարդը կը մղէ շարունակելու իր նախնիներուն ուղին` տիրանալու համար հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն: Ան նաեւ ըսաւ, թէ ԼԵՄ-ականը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դարբնոցին մէջ կը պատրաստուի դէմ դնելու իր ազգին ու հայրենիքին վտանգ սպառնացող բոլոր մարտահրաւէրներուն, եւ կ’ուխտէ շարունակել պայքարը, մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի տեսլականին իրականացումը:

Ձեռնարկը նուիրուած էր ամբողջական Հայաստանի տեսլականի տարբեր հողատարածքներուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ներկայացուեցաւ յատուկ տեսերիզով:

1105VatcheZadourianՕրուան պատգամը ուղղեց Վաչէ Ծատուրեան, որ շեշտեց, թէ այսօր հայ երիտասարդը պէտք է զինուած ըլլայ գիտութեամբ, առարկայական գիտութեամբ, պայծառատես ու վերլուծական միտքով, մասնագիտական վկայականներով ու յատկապէս թշնամին լաւ ճանչնալով: Ան նաեւ կարեւոր նկատեց հայ երիտասարդին դերը Արցախի զարգացման աճին եւ անոր ապահովութեան երաշխիքներուն մէջ: Ծատուրեան իր պատգամը եզրափակեց նշելով, որ առանց միտքի չկայ ծրագրուած աշխատանք, ու առանց ծրագրուած աշխատանքի չկայ մարտունակ պայքար, ու առանց մարտունակ պայքարի չկայ յաղթանակ:

Ձեռնարկին գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուեցաւ մասնաճիւղի ԼԵՄ-ականներուն կողմէ. Ռուբինա Մկրտիչեան եւ Նժդեհ Գարագաւորեան ասմունքեցին Դանիէլ Վարուժանի «Կարմիր հող»-ը, Նժդեհ Քեթենճեան, Հրաչ Ճիմպաշեան եւ Հրակ Գարամինասեան ելոյթ ունեցան երեք ազգային երգերով, որմէ ետք խումբ մը ԼԵՄ-ականներ ներկայացուցին ազգագրական պար մը: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան կրտսեր պատանիները` զետեղելով Արեւմտահայաստանի, Ջաւախքի, ապա Նախիջեւանի քարտէսները` ամբողջացնելով ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ամբողջական քարտէսը:

Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ յեղափոխական եւ ազգային երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեանի ելոյթով:

 

Share this Article
CATEGORIES