Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէին. Հանդիսաւոր Նշում` Շուշիի Ազատագրութեան 22-Ամեակին
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, երէկ` կիրակի, 11 մայիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ռաուտայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 22-ամեակի ժողովրդային հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը: Լիբանանեան, հայաստանեան եւ արցախեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Յասմիկ Աֆարեան-Հանեշեան բացումը կատարեց ձեռնարկին` ողջունելով ներկաները եւ ներկայացնելով օրուան յայտագիրի գլխաւոր բաժինները: «Արցախի ժողովուրդը 22 տարի առաջ յաղթեց թշնամիին` շնորհիւ իր անվախ ու զոհուող ֆետայիներուն, որովհետեւ ունէր հայրենասիրութեան ոգի, կորով եւ յաղթանակի համոզում», շեշտեց Հանեշեան: Ապա ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին անունով Վազգէն Յակոբեան փոխանցեց կոմիտէին խօսքը` բարձր գնահատելով Շուշիի ազատագրութեան մասնակցած ու այդ ճամբուն վրայ նահատակուած թէ վիրաւորուած ազատամարտիկներու խոյանքն ու զոհողութիւնը: «Շուշիի անկախութիւնը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ Արցախ-Ղարաբաղի անկախութեան հոլովոյթին մէջ, անոր ազատամարտիկները անկախութեան դարպասը բացին Ղարաբաղի առջեւ. կ՛ուխտենք անոնց օրինակով ծառայելու հայրենիքին, ազատագրուած Արցախին եւ հայ ժողովուրդին», ընդգծեց Վազգէն Յակոբեան:
Այս առիթով ցուցադրուեցաւ Շուշիի ազատամարտին մասնակցած հերոսներու, նահատակներու եւ յատկապէս` անկախութեան ստեղծած խանդավառ մթնոլորտէն իրական պահեր ընդգրկող տեսերիզը` «Շուշիի առասպելը» խորագիրով: Ներկաները մեծապէս յուզած ու խանդավառած տեսերիզի աւարտին կը հնչէր անոր խոր պատգամը` հայ ազատագրական յառաջիկայ փուլի «ճամբու ուղեգիծ»-ը, որ կ՛ըսէր. «… Տակաւին էլի «գործ» կայ անելիք` Նախիջեւանը եւ Մասիսից ա՛յն կողմ…»:

Համբիկ Պիլալեան
Օրուան բանախօսն էր Համբիկ Պիլալեան, որ հայ ազատագրական շարժումներու պատմական հակիրճ ակնարկէն ետք անդրադարձաւ Արցախի ու յատկապէս` Շուշիի ազատագրութեան փուլերուն` վեր առնելով այս յաղթանակի կենսական նշանակութիւնը հայ նորագոյն պատմութեան մէջ: Պիլալեան թուեց, թէ ինչո՛ւ Շուշիի յաղթանակէն 22 տարիներ ետք, տակաւին հայութիւնը, յատկապէս` սփիւռքահայութիւնը կը նշէ այս «օր»-ը: «Որովհետեւ հայը կարօտ ունի դէպի Շուշի բարձրացած իւրաքանչիւր ազատամարտիկի ծով համբերութեան», շեշտեց ան` թուելով արցախեան հերոսամարտի նահատակներու անուններէն` Վիգէն Զաքարեան, Մհեր Ջուլհաճեան, Թաթուլ Կրպէեան, Բեկոր, Պետօ, Դուշման, Շահէն Մեղրեան, Իկոր Հասրաթեան, Վարդան Բաշխեան եւ շատ ուրիշներ: Պիլալեան իր խոր համոզումը յայտնեց, որ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, հայութիւնը պիտի յաղթահարէ արգելքները, տէր պիտի կանգնի հայ ժողովուրդին` հայ մայրերուն եւ քոյրերուն արժանապատուութիւնը միշտ բարձր պահելով: Ան նաեւ ողջունեց այս առիթով հիւրաբար Լիբանան գտնուող արցախեան ազատամարտիկ Պօղոս Խամոյեանը:
Ձեռնարկին իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Սահակ քհնյ. Վասիլեան, որ նոյնպէս խոր ակնածանքով ու հպարտութեամբ դրուատեց Շուշիի ազատագրումը կերտած հերոսներու զոհողութիւնը, որ շարունակութիւնն էր 99 տարիներ առաջ թուրքին դէմ ցուցաբերուած ազատամարտին: Ապա ան պահպանիչով օրհնեց ներկաները: Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր ազգային յեղափոխական երգերու մեկնաբան Գառնիկ Սարգիսեան մեծապէս խանդավառեց ներկաները: Անոր կ՛ընկերակցէին դաշնակի եւ թմբուկի վրայ` Յովիկ Ատուրեան եւ Վահէ Սիմոնեան: Իսկ ներկայ փոքրիկները շրջանի ԼԵՄ-ականներու եւ արի-արենուշ-սկաուտներու կողքին, եռագոյն դրօշներով եզերած էին բեմահարթակը: Նմանապէս այս առիթով սրինգով ելոյթ ունեցաւ Լորի Պիլալեան` նուագելով Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Երազ իմ երկիր»-ը եւ Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»-ը: Իսկ Յակոբ Քելուկեան նոյնպէս ազգային երգերու նուագով ելոյթ ունեցաւ տուտուկի վրայ:
Աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան հիւրասիրութեան, ուր Արցախի ազատամարտիկներէն Պօղոս Խամոյեան իր հիացմունքը արտայայտեց տիրող խանդավառութեան համար` ընդգծելով, որ հայը յաղթեց, որովհետեւ զէնք կրեց: «Այն միջոցին, երբ մեզի արգիլուած էր յեղափոխութեան մասին արտայայտուիլ, դուք հոս արդէն սկսած էիք այդ շարժման ու մենք գաղտնօրէն կը կարդայինք Դաշնակցութեան յեղափոխական գիրքերը, մենք մեր ուժերով, մեր բազուկով մեր հարցը կը լուծենք», ընդգծեց նախկին ազատամարտիկը:

