Մանուկներուն Եւ Պատանիներուն Կողմէ Փոխանցուող Իւրայատուկ Արուեստ

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 

IMG_5379Ժպտուն դէմքեր, փայլուն աչքեր, վերամբարձ ձեռքեր, համաչափ քայլեր, խրոխտ կեցուածք, եռացող տաղանդ, հայկական հարազատ ոճ, մտերմիկ մթնոլորտ, գրաւիչ եւ ոճագեղ տարազներ, թնդացող բեմ, հանդիսատեսին փոխանցուող իւրայատուկ պարարուեստ:

Ուրբաթ, 9 շաբաթ, 10 (երեկոյեան ժամը 8:00-ին) եւ կիրակի, 11 մայիսին (կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին) Համազգայինի «Գայեանէ» պարարուեստի դպրոցի 230 աշակերտները «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ գտնուող ծնողներուն, բարեկամներուն եւ արուեստասէրներուն այս բոլորը կը փոխանցէին եւ կ՛արտացոլացնէին: Մանուկներն ու պատանիները իրենց պարուսոյց ու գեղարուեստական պատասխանատու Պետրոս եւ Անահիտ Կարապետեաններուն կողմէ փոխանցուած հմտութիւնները, օրէնքները, պարարուեստի ոճն ու բեմականացումը իւրացնելու ու գործադրելու կողքին, իւրաքանչիւրը իր տաղանդէն բաժին մըն ալ իրեն հետ բեմ բարձրացուցած էր, որպէսզի հաստատէր, որ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան ջանքերով հանրութեան ներկայացուած աշխատանքը արդիւնաւորուած է:

IMG_5449Երեք յաջորդական օրերու ընթացքին «Գայեանէ»-ցիները լիբանանահայութեան ներկայացան հայկական տարբեր ոճի պարերով (ազգագրական, հայրենասիրական, բեմադրական ժողովրդական), իւրաքանչիւր պարի համապատասխան գեղեցիկ եւ աւանդականի ու նորի խառնուրդը հանդիսացող տարազներով: Յատկանշական էր, որ ամէնէն փոքրերն իսկ իրենց թեթեւ եւ անմեղ պարերը ներկայացուցին հայկական երաժշտութեան հնչիւններով, խանդավառ ոճով եւ բարձր տրամադրութեամբ: Տարիքային բաժանումներու համապատասխան լաւապէս կատարուած էր պարերու ընտրութիւնը` այնպէս, որ իւրաքանչիւրը կարենար յաջողութեամբ մատուցել իրեն վստահուած բաժինը:

21 պարերուն ընթացքին բեմը կը թնդար եւ մանուկներն ու պատանիները կը յաջողէին հայկական պարարուեստն ու հարազատ մթնոլորտը բեմէն փոխանցել հանդիսատեսին, որ ապրեցաւ ու ըմբոշխնեց 230 աշակերտներուն կողմէ մատուցուած իւրայատուկ պահերը, որոնք անմոռանալի պիտի ըլլան, նաեւ պիտի յուշեն, որ լիբանանահայ պարարուեստի ապագային ծիլերը արդէն իսկ սկսած են ծաղկիլ: Յատուկ ուշադրութեան արժանի էին աւելի չափահասներուն կողմէ մատուցուած պարերը, որոնք լի էին բարձր արուեստով, բեմական ուրոյն պատկերներով, պարողներու առաւել ինքնավստահ ու հեզաճկուն շարժումներով:

IMG_6483Շաբաթ, 10 մայիսին, կալա ներկայացման, Համազգայինի տհոլահարներու խումբը անակնկալ մատուցելով հանդիսատեսներուն, հանդէս եկաւ քանի մը նուագով:

Համազգայինի պարարուեստի դպրոցի իրագործումներէն կարելի է նկատել այս ելոյթները, որոնք պարարուեստի նկատմամբ լիբանանահայութեան գուրգուրանքն ու ակնածանքը կը փաստեն, կը հաստատեն, որ ծնողներուն, Համազգայինի պատասխանատուներուն, պարուսոյցներուն միջեւ գործակցութեամբ եւ մանուկներուն ու պատանիներուն կողմէ ներդրուած մեծ ջանքերով եւ աշխատանքով կարելի է պարարուեստը կենդանի եւ հարազատ պահել, զայն պատշաճ եւ գեղեցիկ կերպով ներկայացնել հանրութեան: Այս բոլորին կողքին յատկանշականը կը մնայ այն, որ բեմին վրայ հայկական պարը մարմնաւորող իւրաքանչիւր մանուկ ու պատանի իր անձին հետ անպայման կը միախառնէ հայկական արուեստը, երաժշտութիւնը, պարը, ոճը, որպէսզի գիտակցի անոնց արժէքին եւ նախանձախնդիր ըլլայ զանոնք պահպանելու ու փոխանցելու յառաջիկայ սերունդներուն:

Կատարուած կարեւոր եւ գնահատելի աշխատանքին արգասիքները բնականաբար լիբանանահայութիւնը պիտի վայելէ նաեւ յառաջիկայ տարիներուն:

IMG_6528IMG_5561

 

 

 

 

 

 

 

IMG_5642

Share this Article
CATEGORIES