Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ ընտրուի այն անձը, որ ամէնէն աւելի կը պաշտպանէ Դիմադրութիւնը:
ՊՔԵՐՔԷԻ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը ջանայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի սկսի գործադրել այնպիսի քայլեր, որոնք սուրիացի գաղթականներուն կողմէ Լիբանանի վրայ պարտադրուած բեռը կը թեթեւցնեն: Ան հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ գաղթականներուն համար գաղթակայաններ պիտի կառուցուին Սուրիա-Լիբանան սահմանամերձ շրջանին մէջ:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մարզին գոյացուցած շահերէն Լիբանանի քաղաքապետարաններուն տրամադրուելիք նիւթական օժանդակութեան Ա. հանգրուանը պիտի յատկացուի այս շաբթուան ընթացքին:
«ԱՆՊԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահութեան պաշտօնին վրայ արձանագրուելիք անիշխանութեան պատասխանատու են մարոնի ղեկավարները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Ալի Պեզզի յայտնեց, որ իրենք պատասխանատու են իրենց իրաւասութիւններուն` լիբանանեան որոշումով նոր նախագահ մը ընտրելու:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը երկրին քաղաքական տարակարծութեանց մաս պէտք չէ կազմէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի թեկնածութիւնը տակաւին ի զօրու է եւ հաստատ, մինչեւ լուրջ եւ յստակ այլ տուեալներու յայտնաբերումը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի չէ մրցակցութեան նախագահական թեկնածու մը ընտրել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ նիւթական իրենց պահանջներուն համար փողոց իջնող քաղաքացիները պէտք է գիտակցին լիբանանեան պետութեան իսկական վիճակին եւ կարողութիւններուն:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան առումով շրջանառութեան մէջ դրուած են երեք նոր թեկնածուներ, որոնք են` Տորի Շամուն, Պութրոս Հարպ եւ Քարլոս Էտտէ:
ԹՐԻՓՈԼԻԻ մարոնի համայնքի առաջնորդ Ժորժ Պու Ժաուտէ մաղթեց, որ Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն էջը փակուած ըլլայ` երկրին ապահովական ծրագիրին գործադրութեան առումով:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ անցեալ ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին երկու կողմերը շեշտեցին Ժահժահի թեկնածութեան իրենց կառչածութիւնը:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Աքրամ Շեհայէպ շեշտեց, որ իրենց միջեւ երկխօսութիւնը փրկութիւն է եւ նախագահական ընտրութեան խորհրդարանի նիստերուն մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելը` սխալ մը, որ պէտք չէ մեղքի վերածել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի մաղթեց, որ հինգշաբթի, 15 մայիս 2014-ին կարելի ըլլայ հանրապետութեան նոր նախագահին ընտրութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Փիեռ Ռաֆֆուլ յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ինքզինք համախոհական թեկնածու կը նկատէ, եթէ լիբանանցիները փափաքին այդ մէկը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ նախագահական ընտրութեան իմաստով որոշ համաձայնութիւն մը գոյացած է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հանի Քպայսի կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն հաւանութիւնը վայելող անձնաւորութեան մը շուրջ համաձայնելու եւ զայն հանրապետութեան նախագահ ընտրելու:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ փոփոխութիւնը բոլորիս կը պարտադրէ յաւելեալ ջանքեր ի գործ դնել` իրարու միջեւ մտերմութիւնը ամրապնդելու նպատակով:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Սելիմ Սայեղ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումը հաւանական չէ:

