Քաուք. «Մարտ 14-ի Քաղաքական Ուժերուն Կողմէ Ընդվզեցնող Թեկնածուին Կառչած Մնալը Անիշխանութեան Որոշում Կը Նկատուի»

Հարաւային Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի պատասխանատու շէյխ Նեպիլ Քաուք երէկ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ ընդվզեցնող թեկնածուին կառչած մնալը անիշխանութեան որոշում մը կը նկատուի, որովհետեւ քաղաքական այդ ուժերը կը միտին ներքին քաղաքական տարազները յեղաշրջել:

«Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը իրենց այս հաշիւներուն առումով սխալած են, որովհետեւ այդ մէկը անկարելի պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:

Քաուք ընդգծեց, որ եթէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը յետս կոչեն նախագահական ընտրութեան իրենց ընդվզեցնող թեկնածուն, ապա անոնք առիթ տուած կ՛ըլլան համախոհական թեկնածուի մը առաջադրումին:

«Նախագահական ընտրութիւնը ազգային, պատմական որոշում մըն է, եւ մեր կեցուածքն է անշեղ մնալ ազգային սկզբունքները պաշտպանող հանրապետութեան հզօր նախագահէն», ըսաւ ան:

 

Share this Article
CATEGORIES