Ռիֆի Մաղթեց, Որ Թրիփոլիի Ապահովական Խաղաղ Կացութիւնը Ըլլայ Կայունութեան Հանգրուանի Մը Սկիզբը
Արդարութեան նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց Թրիփոլիի համար ապահովելու տնտեսական ծրագիր մը, որուն պարտականութիւնն է երիտասարդներուն համար աշխատանքի առիթներ ստեղծել:
Ռիֆի մաղթեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական խաղաղ կացութիւնը ըլլայ կայունութեան հանգրուանի մը սկիզբը:
Ռիֆի շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումներու հանգրուանը արդէն իսկ վերջ գտած է` աւելցնելով, որ Թրիփոլիի կայունութեան շուրջ շրջանային եւ միջազգային համախոհութիւն գոյացած է եւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեամբ հաստատուած է, որ Թրիփոլիի բնակիչները կը փափաքին միասնաբար խաղաղութեամբ ապրիլ:
Ան յայտնեց, որ Թրիփոլիի Սուրիա փողոցը ամբողջութեամբ պիտի նորոգուի նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի օժանդակութեամբ:
Ռիֆի նաեւ աւելցուց, որ նախապէս կառավարութիւնը Թրիփոլիի բարգաւաճումին վերաբերեալ ծրագիր մը վաւերացուցած է արդէն, եւ անոր գործադրութիւնը յառաջիկայ հանգրուանին պիտի ըլլայ առաջնահերթութիւն:

