Ժեմայէլ. «Պէտք Է Մեր Անձնական Շահերը Մէկդի Դնենք Եւ Մտածենք Հանրապետութեան Փրկութեան Մասին»

1105amin-gemayelՓաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով երկրին ղեկավարներուն այցելելու իր անձնական նախաձեռնութիւնը նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունի:

«Պէտք է մեր անձնական շահերը մէկդի դնենք եւ մտածենք հանրապետութեան փրկութեան մասին», ըսաւ Ժեմայէլ:

Ան շեշտեց, որ լիբանանցի ղեկավարներուն հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներէն գոհ է` աւելցնելով, որ իր կատարած այցելութիւնները անհրաժեշտ էին:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կատարած վերջին յայտարարութիւնը` իր թեկնածութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու հաւանականութեան իմաստով, ողջունելի է:

Ան նշեց նաեւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ բնական է, որ նեցուկ կանգնի իր թեկնածուին` Հանրի Հըլուի:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իր հանդիպումը եղած է թափանցիկ ու անկեղծ: «Մենք կը մտածենք ապագային եւ ոչ թէ ներկային մասին, որովհետեւ հանրապետութեան նախագահութիւնը խորհրդանիշ է եւ նախագահը այս կամ այն խրամատին մէջ չի կրնար գտնուիլ, այլ կը պատկանի բոլորին, հետեւաբար մեր հանդիպումը շատ անկեղծ ընթացաւ», ըսաւ Ժեմայէլ:

Այս շրջագիծին մէջ, «Ախպար» օրաթերթը նշեց, որ Ժեմայէլ կը պատրաստուի այցելութիւններու երկրորդ հանգրուանի մը, սակայն Հըզպալլա պիտի մերժէ ընդունիլ զինք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES