Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդի Ցոյցի Նախապատրաստական Աշխատանք
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը նախապատրաստական աշխատանք կը տանի` կազմակերպելու համար չորեքշաբթի, 14 մայիս 2014-ին տեղի ունենալիք ցոյց-գործադուլ-դասադուլը, որուն կը նախատեսուի, որ մասնակցին նաեւ անձնական դպրոցներուն ուսուցիչները:
«Պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ սարակներու աշխատավարձերուն յաւելումները պահանջող խորհուրդի այս ցոյցին հաւանական է, որ մասնակցին հարիւր հազար ցուցարարներ», ըսաւ Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ:
Ան նշեց, որ ասիկա պիտի ըլլայ ընկերային պայթումի համազօր քայլ մը` ճնշում բանեցնելու համար խորհրդարանին վրայ, որպէսզի վաւերացնէ իրենց իրաւունքները:
Նշենք, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կոչ ուղղած է չորեքշաբթի, 14 մայիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի Դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան կեդրոնատեղիին դիմաց կատարելու խաղաղ եւ քաղաքակիրթ ընդվզումի ցոյց մը` խորհրդարանին գումարելիք նիստին ընթացքին:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց ամբողջ պետական մարզին, ինչպէս նաեւ դպրոցներուն, համալսարաններուն, արհեստից դպրոցներուն, պետական հաստատութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն` մասնակցելու ընդհանուր ցոյցին:
Խորհուրդը ուսուցիչներու լիկաներու ընդհանուր ժողովներէն պահանջեց պոյքոթի ենթարկել պետական բոլոր քննութիւնները` անխտիր:
Մահֆուտ շեշտեց, որ 2012-ին ուսուցիչները պոյքոթի ենթարկած են պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը, սակայն աւելի ուշ յետս կոչած են իրենց որոշումը` աշակերտներուն շահերը նկատի ունենալով: «Նոյն պարագան կրկնուած է նաեւ 2013-ին, սակայն այս տարի ծնողներն ու աշակերտները մեզի հետ պէտք է փողոց իջնեն եւ ձայն բարձրացնեն` զօրակցելով մեր իրաւունքներուն», ընդգծեց Մահֆուտ:
Միւս կողմէ, կաթողիկէ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար շեշտեց, որ կարելի չէ պետական քննութիւնները պոյքոթի ենթարկել եւ աշակերտները ուսումէ զրկել:

