Նախագահ Սլէյման Ընդունեց Ճարտարարուեստի Սեփականատէրերու Միութեան Մէկ Պատուիրակութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նորընտիր նախագահ Ֆատի Ժեմայէլի: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ միութեան վարչութեան գանձապահ Նազարէթ Սապունճեան եւ վարչութեան անդամ Լորանս Թիւֆենքճեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ճարտարարուեստի մարզի բարելաւման առումով միութեան նպատակները:
Նախագահ Սլէյման շնորհաւորեց նորընտիր վարչութիւնը` մաղթելով, որ այդ մարզը բարելաւելու ջանքերը շարունակուին:
Ան դիտել տուաւ, որ ճարտարարուեստի մարզը լիբանանցի երիտասարդներուն համար լաւ պայմաններ կը ստեղծէ:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ Պէյրութի նաւահանգիստի վարչութիւնը` նախագահութեամբ Հասան Քրայթեմի: Քննարկուեցան նաւահանգիստը բարգաւաճեցնելու ծրագիրները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Պաալպեքի եւ հիւսիսային Պեքաայի առաջնորդ Սըմաան Աթալլա եպիսկոպոսն ու Պաալպեքի միւֆթի շէյխ Այման Ռիֆային:

