Հայաստանը Չորրորդ Տեղը Գրաւեց «Եւրատեսիլ-2014»-ին
Հայաստանը ներկայացնող Արամ MP3-ը Դանիոյ Քոփենհակըն մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Եւրատեսիլ-2014»-ին գրաւեց չորրորդ տեղը` կրկնելով երկրի առայժմ մեծագոյն յաջողութիւնը երգի այս մրցումին:
Շաբաթ ուշ երեկոյեան մրցումի եզրափակիչին յաջորդած քուէարկութեան իբրեւ արդիւնք Հայաստանի ներկայացուցիչը առաւելագոյն` 12 միաւոր ստացաւ երեք երկիրներու` Ֆրանսայի, Աւստրիոյ եւ Վրաստանի մէջ:
Արամ MP3-ը կը մասնակցէր իր «Նաթ ըլոն» երգով, որուն բառերուն հեղինակն է Գարիկ Պապոյեան: Մրցումին յաղթեց Աւստրիան ներկայացնող Քոնչիթա Վիւրսթը` «Ռայզ լայք է ֆինիքս» երգով:
CATEGORIES Հայկական

