Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս Ապահովեց «Ֆայնըլ-Ֆոր»ի Իր Տոմսը
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ էյթ»-ի հինգերորդ եւ վերջին ճակատագրական մրցումին, երէկ երեկոյեան Պիպլոս իր դաշտին վրայ 78-74 արդիւնքով պարտութեան մատնելէ ետք Մութթահետը եւ 3-2 արդիւնքով գերազանցելէ ետք զայն, ապահովեց «ֆայնըլ-ֆոր»ի մրցումներուն իր տոմսը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 26-11, 44-33, 61-47 եւ 78-74:
Մրցումին եւ Մութթահետի ամէնէն շատ կէտերը նշանակեցին Պասել Պաուժի եւ Ռոնալտ Միւրէյ (22-ական կէտ):
CATEGORIES Մարզական

