Ըմբշամարտ. Յունահռոմէական Ոճին Մէջ Հայ Պատանիները Տիրացան Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալի
Պուլկարիոյ Սամոքով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ըմբշամարտի Եւրոպայի պատանիներու ախոյեանութեան, յունահռոմէական ոճի մրցումներուն 58 քկ դասակարգին մէջ Զաւէն Միքայէլեան, աւարտականին պարտուելէ ետք Ռուսիան ներկայացնող Արսլան Զուպայրովէն, բաւականացաւ արծաթ մետալով:
Իսկ 50 քկ դասակարգին մէջ Վահէ Սարգսեան տիրացաւ պրոնզ մետալին:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ ազատ ոճի մրցումներուն արծաթ մետալի տիրացան Վաղինակ Մաթէոսեան (54 քկ) եւ Արման Մնոյեան (42 քկ), իսկ պրոնզէ մետալի Սարգիս Յովսէփեան (76 քկ), Գէորգ Մխէեան (63 քկ) եւ Նարեկ Յովհաննիսեան (50 քկ):
CATEGORIES Հայկական

