Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Լաւ եւ հետաքրքրական լուր մը պիտի բարձրացնէ ձեր տրամադրութիւնը: Օրը պիտի անցնի զուարթ մթնոլորտի մէջ, լաւատեսութեամբ եւ աշխուժ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ դուք չէք ըսեր ձեր միտքն ու տրամադրութիւն խանգարող հարցը, ուրիշ մը ձեր փոխարէն պիտի չըսէ: Ուրեմն խօսեցէք անպայման:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը շատ յաջող պիտի ընթանայ աշխատանքի մարզին մէջ: Կրնաք իրագործել ձեր փափաքները եւ ծրագիրները: Ուրեմն գործի անցէք ինքնավստահութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Սիրոյ յայտարարութիւն մը պիտի լսէք, որ պիտի զարմացնէ ձեզ: Պարզ համբոյր մը պիտի բարելաւէ ամէն ինչ: Անհոգ մնացէք, պիտի ուրախանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կը փնտռէք անցեալի ձեր օրերը, որոնք եղած են աւելի հաճելի: Այդ մասին մի մտածէք, այլ ջանացէք ստեղծել նորութիւն ձեր շրջանակին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կարեւորութիւն մի՛ տաք ուրիշներու կարծիքին, երբ դուք ունիք որոշելու եւ ճշդելու կարողութիւն: Սխալ դատողութիւնները նկատի մի՛ առնէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի կարենաք գտնել հաւասարակշռուած միջոցներ` ձեր տնտեսական վիճակը բարելաւելու: Օրը ունի յուսալի աշխատանք եւ ապահով շահեր:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ունիք բնական շնորհներ: Ուրախ եղէք, որ օժտուած էք շնորհներով, որոնք ձեզ կ՛առաջնորդեն դէպի լաւ ապագայ եւ խաղաղ կեանք: Բախտաւոր էք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր գաղափարները յստակացնելու համար եղէք պատրաստ եւ գործօն: Կ՛արժէ կեդրոնացած տրամադրութեամբ կարգադրել ձեր ծրագիրները:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նոր բարեկամութիւն մը պիտի ստեղծուի ձեր շուրջը, որ պիտի հետաքրքրէ ձեզ, ինչպէս նաեւ պիտի խրախուսէ ձեզ` ձեր կեանքը նորովի դասաւորելու:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շարունակեցէք ձեր ընթացքը` առանց ետեւ նայելու: Օրը ունի օգտակար անցուդարձեր, ջանացէք անկէ առնել այն, ինչ որ ձեզի յարմար է: Մնացէք հանդարտ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պիտի կարենաք յայտնել ձեր կարեկցանքը: Ձեր շուրջը գտնուող կարիքաւորները պիտի խրախուսէք նիւթապէս: Անոնք երախտագէտ պիտի ըլլան:

