50 Տարի Առաջ (13 Մայիս 1964)

Խմբագրական

Հիմնական Կեցուածք

Ընտրական թոհուբոհէն եւ ընտրապայքարի առիթով ստեղծուած սովորական աղմուկէն ետք, նոր խորհրդարանը անցեալ ուրբաթ գումարեց իր առաջին ժողովը եւ ընտրեց իր նախագահը: Այսպիսով, Լիբանանի քաղաքական կեանքը թեւակոխեց նոր հանգրուան մը` ժողովրդավարութեան եւ խորհրդարանական կեանքի հիմնական սկզբունքով:

Իր ներկայացուցչական հանգամանքով նորընտիր երեսփոխանական ժողովը, որ աւելի կամ պակաս չափով կը ներկայացնէ գրեթէ նոյն պատկերը, ինչ որ բոլոր խորհրդարանները, որոնք այս երկրին օրէնսդրական վերջին ժողովը եղան 1943-էն ի վեր, այն վայրն է, ուր Լիբանանի քաղաքական եւ հանրային կեանքի այլազանութիւնը մէկ յայտարարի կու գայ` գլխաւոր մտահոգութիւն ունենալով լիբանանեան հայրենիքի այժմու նկարագրին պահպանումը, միակ գրաւականը անոր գերիշխանութեան ամրապնդման եւ տնտեսական վերելքին ու բարգաւաճման:

Գրեթէ նոյնն է պատկերը բոլոր ժողովրդավարական երկիրներու մէջ, ուր ժողովուրդը իր կամքը կ՛արտայայտէ ուղղակի կամ իր ներկայացուցիչներուն միջոցով, հանրութիւնը հետաքրքրող զանազան հարցերու մասին: Լիբանանի մէջ խորհրդարանը, որ երկիրը բաղկացնող զանազան համայնքներու ներդաշնակ ամբողջութիւնը խտացնող օրէնսդիր օրկանն է, յաւելեալ պարտականութիւնն ունի հսկելու այդ ներդաշնակութեան պահպանման, որ նախապայմանն է նաեւ ազգային միութեան:

Անցնող վեց տարիներուն, 1958-ի ցնցումէն ետք, Լիբանան ճանչցաւ խաղաղութեան եւ ստեղծագործ աշխատանքի շրջան մը: Ատիկա առաւելաբար կարելի դարձաւ, որովհետեւ պետութեան գլուխը կը գտնուէր մարդ մը, որ իր բացարձակ անշահախնդրութեամբ եւ խոր հայրենասիրութեամբ ուզեց եւ յաջողեցաւ նոր ուղղութիւն մը տալ հանրային գործերուն` նախապատուութեան արժանացնելով գործեր, որոնք տասնամեակներու ճիգ ու եռանդ պահանջող ծրագիրներու իրագործման նախաքայլերը կը հանդիսանային:

Վերէն սկսած եւ վերի օրինակով ներշնչուած այս ճիգը զգալի դարձաւ Լիբանանի հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ` ծնունդ տալով նոր ոգիի մը, որուն հարազատ արտայայտութիւնը կը նկատենք «շեհապականութիւնը», որով կը յատկանշուի զօրավար Ֆուատ Շեհապի պաշտօնավարութեան շրջանը:

«Շեհապականութիւն», այսինքն` նախ ազգային միութեան պահպանման եւ ամրապնդման նախանձախնդրութիւն, ապա` համայնքային համերաշխութիւն, ընկերային արդարութեան զարգացում, ծրագրային տնտեսութիւն եւ վարչական բարեկարգութիւն` միշտ նպատակ ունենալով Լիբանանի գերագոյն շահերը:

Արդ, այս կացութեան եւ այս մթնոլորտին մէջն է, որ նորընտիր խորհրդարանը կը ստանձնէ իր պարտականութիւնը եւ ազգին երեսփոխանները` իրենց պատասխանատուութիւնը:

Բոլոր վէճերն ու տարակարծութիւնները, որոնք ժողովրդավար երկիրներու մէջ քաղաքական կեանքի բնական երեւոյթներն են, հոն կը ծեծուին, սուր անկիւնները հոն կը կլորցուին եւ ընդհանուր յայտարարի կը բերուին` հիմնական նպատակ ունենալով երկրին գերագոյն շահերը:

Դուրսը, հրապարակի վրայ երբեմն լսուող յախուռն արտայայտութիւնները, որոնց արձագանգ հանդիսանալու երբեք պէտք չունինք ու չենք ըլլար, միայն վնաս կը հասցնեն այս երկրին` հրահրելով կիրքեր, որոնց արծարծումէն ոչ ոք կրնայ շահ սպասել: Եւ այս` որովհետեւ խոր համոզումն ու վստահութիւնը ունինք, որ իրաւախոհութեամբ յատկանշուող այս երկրին հարազատ արտայայտութիւնը հանդիսացող երեսփոխանական ժողովը, նոյն իրաւախոհութեամբ, պիտի կրնայ լուծում գտնել Լիբանանը շահագրգռող բոլոր մեծ ու փոքր խնդիրներուն: Այսպէս եղած է անցեալին, ու այսպէս ալ պիտի ըլլայ հիմա, երբ հանրային կեանքին մէջ վեց տարիներու ընթացքին ապահովուած շահերը պահպանելու եւ շեհապական վարչակարգին սկսած գործը այս կամ այն ձեւով շարունակելու անհրաժեշտութիւնը կը զգան բոլորը:

Այս հիմնական կեցուածքը` անոր համար, որ Լիբանան իր կառոյցով եւ ներքին դասաւորումով, Մերձաւոր Արեւելքի եռեւեփող շրջանակին մէջ զօրաւոր ցնցումներէ եւ սուր վէճերէ հեռու պահելը առաջնահերթ պարտականութիւնն է այս երկրի ապագային եւ խաղաղութեան նախանձախնդրութիւնն ունեցող քաղաքացիներու եւ հաւաքականութիւններու:

Մենք այս հաւաքականութիւններէն մէկը եղած ենք անցնող տասնամեակներու ընթացքին, այդպէս ենք հիմա ու այդպէս ալ պիտի ըլլանք ապագային` մերժելով ականջ տալ բոլոր տեսակի անշահ ու անիմաստ վէճերու, որոնք կողմնակի դռներէ կու գան եւ անյարիր են մեր հիմնական քաղաքականութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES