Ազատ Բեմ – Տեսակէտ. Ընկերային. Ընդդէմ` Տնազրկող Սեւ Օրէնքին
ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Մօտիկ անցեալին «Ազդակ»-ի մէջ գրած էինք երկու գրութիւններ, մին` «Վարձակալական սեւ օրինագիծ», եւ միւսը` «Բնակարանը շուկայի ապրանք չէ», վերնագրերով, եւ հիմա այդ սեւ օրինագիծը դարձած է սեւ օրէնք` 2014 թ. ապրիլ 1-ին, ոչ որպէս «ապրիլմէկեան» կատակ կամ երգիծանք, այլ` որպէս ընկերային աղէտ ու ողբերգութիւն...
Տնազրկող այս սեւ օրէնքին գործադրութեան պատճառով` լիբանանահայ վարձակալները շատ աւելի մեծ ողբերգական վիճակի պիտի մատնուին, քանի որ հայ անտունիները, միւսներուն նման, շրջաններու գիւղերուն մէջ գոնէ տուն մը չունին ժառանգուած… մեծ հայրերէն: Անտունիացած բոլոր լիբանանահայերը Այնճա՞ր պիտի երթան…
Լիբանանի ազատ շուկայական, վայրի դրամատիրական տնտեսակարգը ապրանքի վերածած է նոյնիսկ քաղաքացիին բնակարանը եւ ուրեմն ենթակայ` շուկայական պահանջարկ-առաջարկ կանոնին: Մինչդեռ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ բնակարանը մարդուն ամէնէն կենսական իրաւունքն է եւ շուկայի ապրանք չէ: Որովհետեւ` բնակարանը շահավայր մը չէ, խանութ չէ, գործատեղի չէ, վաճառատուն չէ, առեւտրական գրասենեակ չէ, ազատ ասպարէզներու գրասենեակ չէ,պանդոկ չէ, հանրատուն չէ… Տունի մէջ քնանալը, հանգիստ ընելը, ճաշելն ու շնչելը շահու աղբիւրներ չեն: Իսկ պետութիւնը թիւ մէկ պատասխանատուն է երաշխաւորելու քաղաքացիին մարդավայել բնակարան ունենալու իրաւունք, որ երաշխաւորուած է Մարդու իրաւանց տիեզերական հռչակագրով, բոլոր հռչակագրերով եւ` Լիբանանի սահմանադրութեամբ, որպէսզի պետութիւնը ապահոված ըլլայ հանրային անդորրը երկրին մէջ, քաղաքացիներու իրաւահաւասարութիւնը օրէնքին առջեւ` կանխելու համար անհաւասարութենէն բխելիք բախումները քաղաքացիներուն միջեւ:
Լիբանանի ազատ շուկայական, վայրի դրամատիրական տնտեսակարգը ինքնարդարացում չէ, որովհետեւ, օրինակ, Ֆրանսան եւս վայրի դրամատիրական տնտեսակարգ ունի, սակայն քաղաքակիրթ` ոչ բարբարոսային պետութիւն ըլլալուն, հոն կառուցուած են HLM կոչուղ ժողովրդային բնակարաններու համալիրներ` մատչելի գիներով, կայ յատուկ նախարարութիւն բնակեցումի, որ կը կոչուի «Հաւասարութեան եւ բնակեցումի նախարարութիւն, որ կը հսկէ բնակարաններու վարձքերուն վրայ, եւ տանիք մը ճշդած ու սահմանած է վարձքերուն, որոնք չեն կրնար աւելին ըլլալ, քան նուազագոյն աշխատավարձին 16 առ հարիւրը: Լիբանանի մէջ` նուազագոյն աշխատավարձը միայն 650,000 լ. ո. է, որուն 16 առ հարիւրը կ՛ընէ 104,000 լ. ո. միայն, մինչդեռ այսօրուան ամսական վարձքերը առնուազն տասնապատիկն են այս գումարին, այսինքն` նուազագոյն աշխատավարձին կրկինը… ուրեմն, վարձակալը միայն տան վարձքը վճարելու համար ոչ միայն իր ամբողջ աշխատավարձքը պիտի տայ, այլեւ մնացեալը կարենալ վճարելու համար պարտք պիտի վերցնէ, իսկ ուտելիքի եւ հագուստ-կապուստի ծախսերուն համար օդ պիտի կլլէ…
Վարձակալական այս սեւ օրէնքը համայականօրէն կ՛ազատականացնէ վարձքերու պայմանագրութիւնները, ինչ որ կը նշանակէ, որ շուրջ 800,000 աղքատ ու միջակ դասին պատկանող քաղաքացիներ դուրս պիտի դրուին իրենց տուներէն, որովհետեւ բացարձակօրէն անկարող պիտի ըլլան վճարելու տանտիրոջ պահանջելիք նոր կրակէ վարձքերը: Այս սեւ օրէնքը ՍՈՒՏ ԿԸ ԽՕՍԻ, թէ` հին եւ նոր վարձքերուն տարբերութիւնը պետական «սնտուկ» մը… որ գոյութիւն չունի, պիտի վճարէ տանտիրոջ, 6 տարիներու ընթացքին: Իսկ յետո՞յ… Բայց արդէն գոյութիւն չունի այդպիսի «սնտուկ», որ պիտի կազմուի (եղեր) ելեւմտական նախարարութեան կողմէ, մինչդեռ ելեւմտական նախարարը օրէնքի քուէարկութեան պահուն յստակօրէն յայտարարեց, որ իր նախարարութիւնը յանձն չ՛առներ նման «սնտուկ»-ի մը պարտաւորութիւնը եւ առաջարկեց յետաձգել օրէնքին քուէարկութիւնը: Հակառակ այս խայտառակութեան` երեսփոխանները քուէարկեցին ի նպաստ այս սեւ ու անգործադրելի օրէնքը, որ կարիքը ունի տակաւին յաւելեալ չորս գործադրական հրամանագրերու, որոնք եւս պատրաստ չեն: Բայց ինչո՞ւ այս շտապողականութիւնը: Որովհետեւ ասիկա կոտոշաւոր դաւ մըն է, որուն ետին կանգնած են` սոլիտէրը, մեծ դրամատուները, կալուածային մեծ ընկերութիւնները եւ փեթրօ-տոլարի էմիրներն ու միլիառատէր շանաձուկերը, որոնք միլիառներու կաշառքներ բաշխած են այս դաւը գործադրողներուն...
Օտարահպատակներու Լիբանանի մէջ կալուածներ գնելու իրաւունքը սահմանող եւ սահմանափակող օրէնք մը կայ` թուղթի վրայ: Այդ օրէնքը շրջանցող զարտուղի միջոցն է, որ կը գործածուի` օտարահպատակ փեթրօ-հարուստը, լիբանանցի օրինազանց «կաւատ»-ներու անունով կալուածներ գնած է եւ կը շարունակէ գնել սահմանուած տարածութենէն տասնապատիկ աւելին, այդ անունները փոխ տուողները (prête nom), ըսմ մուսթա՛ար) կաշառելով:
Իսկ երկրին մէջ կալուածներու եւ յարկաբաժիններու ներկայի կրակէ գիները հետեւանքը չեն երկրի բնիկ բնակչութեան ներքին բնական պահանջարկին, այլ հետեւանքն են` օտար միլիառատէրերու, կալուածային ընկերութիւններու, Սոլիտէրի, մեծ դրամատուներու եւ շէնքերու վաճառականներու շահադիտական մրցակցութեան (speculation) իբրեւ հետեւանք գոյացած երեւակայական պահանջարկին:
Լիբանանցի բնիկ բնակչութեան աղքատ ու միջակ դասին պատկանող քաղաքացիները չեն կրնար դիմանալ այս երեւակայական սղաճին եւ պարտաւոր ալ չեն կրելու ասոր ծանր բեռը իրենց ուսերուն: Այս բոլորը արտօնող պետութիւնն ու վարչակարգը պարտաւոր են կրելու ասոր հետեւանքները եւ հատուցելու մանր կալուածատէրերուն կրած վնասները կամ կորուստները`, անցնող տարիներուն վարձակալական պայմանագրութիւններու երկարաձգումին պատճառով: Շանաձուկերը պարտաւոր են հատուցելու փոքր ձուկերուն կորուստները, եւ ոչ թէ` արդէն շահագործուած ու հիւծած աղքատ ընտանիքները…
Տակաւին, այս սեւ բարբարոսական օրէնքը վարձակալը կը զրկէ նոյնիսկ բնակարանէ պարպելուն ու անկէ հեռանալուն դիմաց արդէն իսկ շահուած հատուցումի իրաւունքին:
Մինչդեռ պատերազմի տարիներուն ուրիշներու տուները գրաւողները հատուցում ստացան պարպելու համար, ոչ թէ` օրինաւորապէս իրենց զբաղեցուցած բնակարանը, այլ` բռնի ուժով…
Նաեւ հատուցում ստացան այն բոլոր շանաձուկերը, որոնք երկրի ծովեզերեան շրջաններէն պետական սեփականութիւն եղող հողեր գրաւած էին… իսկ հիմա` ապօրինի գրաւումով ձեռք ձգուած ու շահագործուած պետեկան կալուածներէն հեռանալու համար… Այս խտրականութիւնը պարզ կողմնակցութիւն մըն չէ, այլ խոր թշնամանք մը` հանդէպ աղքատ ու միջակ դասի վարձակալներուն, այլ խօսքով դասակարգային ցեղապաշտութիւն…
Ինչպէ՞ս բացատրել այս շտապողականութիւնը` վարձակալական պայմանագրութիւններու ազատականացումին համար, երբ ամբողջ 75 տարիներ վարձակալական պայմանագրութիւնները երկարաձգուեր են արտակարգ պայմաններու նկատառումով: Անցեալին նկատի առնուած այդ արտակարգ պայմանները վերացա՞ծ են այսօր, թէ՞ առաւել վատթարացած...:
Եթէ մինչեւ այսօր երկարաձգուած չըլլային հին պայմանագրութիւնները, մէկ միլիոնի հասնող հին վարձակալները փողոց թափուած պիտի ըլլային: Իսկ այդ միլիոն մը տնազրկեալները ի՞նչ պիտի ընէին. բողոքի վայրի շարժումներ պիտի ընէին եւ արիւնալի բախումներ պիտի ունենային կալուածատէրերուն եւ զանոնք պաշտպանող ոստիկաններուն հետ… քաղաքացիական ապստամբութիւն կազմակերպելով…:
Որովհետեւ` բնակարանի իրաւունքը մարդու իրաւանց ամէնէն կենսականն է, կարեւորագոյնը եւ սրբազնագոյնը եւ ասոր պաշտպանութիւնը ազգային ու մարդկային հիմնական պատասխանատուութիւն: Նոյնիսկ իսրայէլեան ներխուժումն ու երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմը չկրցան մէկ միլիոն քաղաքացիներ տեղահան ընել ու տնազրկել: Իսկ այս վայրի վարչակարգը իր այս սեւ օրէնքով կը սպառնայ անտունի դարձնել մէկ միլիոն քաղաքացի:
Այս սեւ օրէնքին բացորոշ նպատակն է` մայրաքաղաքի եւ մեծ քաղաքներու աղքատ ու միջակ դասակարգի քաղաքացիները տեղահանել… Բայց ո՞ւր երթան անոնք… Այս վարչակարգը իր վայրի տնտեսակարգով պատճառ դարձաւ երկրի պարտքերու կուտակումին, վարձքերու խելացնոր բարձրացումին եւ աղքատներու թիւին յաւելումին ու Միջին դասի հալումին` պարարտացնելով մեծ կալուածատէրերու, սոլիտէրի, մեծ դրամատուներու եւ կալուածային ընկերութիւններու եւ օտարազգի փետրրօ միլիառատէրերու քսակները, ծախու հանելով երկիրը:
Լիբանանի թայֆէադրամատիրական համակարգին մէջ դրամատէրերու դասակարգը կ՛ընդգրկէ բոլոր համայնքներէն մեծահարուստներ, իսկ աղքատներու դասակարգը նոյնպէս կ՛ընդգրկէ բոլոր համայնքներու աղքատները: Բայց աղքատները աւելի հաւատարիմ են իրենց համայնքներուն, աւելի կապուած են իրենց համայնքներուն, քան` իրենց դասակարգին, մինչդեռ հարուստները աւելի կապուած են իրենց դասակարգային շահերուն, քան` համայնքներուն, բայց դարձած են համայնքներու տիրական դէմքերը: Ուրեմն, հարուստները` բոլոր համայնքներէն, միացած են իրենց դասակարգին եւ դասակարգային շահերուն շուրջ… Մինչդեռ աղքատները բաժանուած են իրենց համայնքներուն պատճառով եւ միացած չեն իրենց դասակարգին մէջ ու դասակարգային շահերուն շուրջ: Այլ խօսքով, հարուստները ունին Միացեալ դասակարգային ճակատ, իսկ աղքատները զուրկ են դասակարգային ճակատ, իսկ աղքատները զուրկ են դասակարգային միացեալ ճակատէ, եւ… նոյնիսկ բանուորական սենտիքաները միացեալ ճակատ չեն կազմեր, այլ թայֆէականացած են ու պառակտուած: Ուրեմն հարուստները կը տիրապետեն ե՛ւ համայնքներուն վրայ, ե՛ւ երկրի օրէնսդիր, գործադիր ու դատական իշխանութիւններուն, եւ արդիւնքը կ՛ըլլայ այսպիսի սեւ օրէնքներու միաձայն քուէարկութիւնը, որովհետեւ ըլլա՛յ Մարտ 14-ի եւ ըլլա՛յ մարտ 8-ի երեսփոխանները միաձոյլ քուէարկեցին այս սեւ օրէնքին ի նպաստ, առանց քննարկումի…
Սակայն վարձակալները կը մերժեն անտունիներ դառնալ իրենց հայրենիքին մէջ եւ որոշած են մինչեւ ծայր պայքարիլ այս սեւ օրէնքին դէմ` պայքարի օրինական բոլոր եղանակներով ու միջոցներով:
Անոնք կը պահանջեն որ մշակուի վարձքերու հաւասարակշռեալ օրէնք մը, մարդավայել օրէնք մը եւ քաղաքակիրթ օրէնք մը:

