«Կարկաչ»-Ականներու Պատարագը (Տպաւորութիւններ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

13920043317_272e3e4ffc_oՅաճախ նշած ենք ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ եւ չենք զլացած կրկին անգամ յիշեցնելու, թէ դաստիարակութիւն հասկացողութիւնը  շունչ ու մարմին կը ստանայ այն ատեն, երբ անով կը սնանին ու կը զարգանան իրերայաջորդ սերունդներ, որոնք իրենց կարգին` խինդ ու ժպիտ, սէր ու յարգանք, բայց մանաւանդ` քաղաքակիրթ ապրումներու եւ հրաշալի երազներու փայլքը կը սերմանեն իրենց շրջապատին մէջ` յանուն խաղաղութեան, երջանկութեան, գեղագիտական բարձրարժէք ու համայնական արուեստներու ու գիտութեան ջրդեղման:

Անկեղծ ասած, վերոնշեալ ապրումներու կախարդանքը ապրեցանք «Կարկաչ»-ի տարեկան համերգին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 4 մայիս 2014-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ» սրահին մէջ:

Ճիշդ է, որ առաջին անգամ չէ, որ ներկայ կ՛ըլլայինք  «Կարկաչ»-ի ելոյթին, սակայն արդար է ըսել այն, թէ տարիներու թաւալքին հետ եւ ժամանակին համահունչ` մանկապատանեկան այս երգչախումբը կրցած է ինքզինք պարտադրել, սիրցնել ու հմայել, պարզապէս որովհետեւ եղած է նորարար, նորաշունչ, այլազան եւ յարատեւող:

Իսկ ինչ կը վերաբերի անոր տարիներու վաստակին, կատարած ստեղծագործ ու անգնահատելի աշխատանքին` լոկ բառերով կարելի չէ սահմանել այս բոլորը, պէտք է ընդգծել, որ անոր առաքելութիւնը ամբողջովին դուրս կու գայ սոսկ երգչախմբային նեղ ու սովորական ծիրէն, եւ կը միտի շեշտուած ձեւով ու միանշանակ մանուկ հոգիներու մէջ սերմանել եւ ծաղկեցնել երաժշտութիւն  ընկալումին ամէնէն վճիտ արտայայտութիւնները, հայ թէ օտար յօրինողներու ներաշխարհին մէջ թափանցելու հաստատ ընդգրկումով:

Մատնանշումին վկայութիւնը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ երբ իւրաքանչիւր խումբին համերգին իրենց ներկայութեամբ կը պատուեն ապրող ու հանրածանօթ յօրինողներ թէ նախկին «Կարկաչ»-ականներ, որոնք արդէն թեւակոխած  ըլլալով երիտասարդականի տարիքը, եկած են վերյիշելու եւ վերապրելու երբեմնի տարիները եւ վայելելու նորերուն շունչն ու խանդավառութիւնը:

Ինքնավստահօրէն եւ առանց վարանելու ըսինք, թէ պատարագի մը պերճանքն ու բոյրը, բայց մանաւանդ ոգեղէն հրայրքը ապրեցանք այս համերգին, որ կը տարբերէր նախորդներէն իր նուիրական նպատակով եւ յայտագիրի ճոխութեամբ:

Այո՛, եզակի համերգ եւ իւրայատուկ հնչեղութիւն:

Որովհետեւ, անիկա կը մատուցուէր նոյնքան իւրօրինակ եւ տիպական լիբանանցի երաժշտագէտի մը յիշատակին (մահուան տասնամեակ) եւ անոր նուիրուած փառատօնի մը ծիրին մէջ:

Այսինքն` մեր «Կարկաչ»-ականները յայտնապէս հրաւիրուած էին իրենց երգերով, ժպիտով եւ խանդավառութեամբ մասնակցելու սոյն հանդիսութեան եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելու երբեմնի ազնիւ բարեկամին եւ արուեստագէտին, որուն յօրինումներուն պերճանքը ապրած են իրերայաջորդ սերունդներ:

Միթէ կա՞ր աւելի վաւերական ու  երախտագէտի արտայայտութիւն, ի յարգանք Զաքի Նասիֆի, քան այն, որ լիբանանահայութիւնը պիտի մատուցէր այս մեծ հայրենասէրին, բարութեամբ յագեցած լիբանանցիին, բարեպաշտի ու բնութենապաշտի զգայնութեամբ յատկանշուող երաժշտագէտին, որ իր յօրինումներով եւ երգերով կախարդեց ամբողջ սերունդներ, յանուն Լիբանանի գոյատեւման, բնութեան գեղեցկութեան եւ մարդկային արժանիքներու շեշտադրումին:

Խնամքով պատրաստուած յայտագիրը, կը ներառէր յոբելեարին ամէնէն հոգեգրաւ եւ տպաւորիչ երգացանկէն, եւ որոնց դիւթիչ արտաբերումը «Կարկաչ»-ականներու կողմէ ո՛չ միայն բորբ զգացումներով համակեցին ծնողներն ու հանդիսատեսները, այլեւ առանձնապէս կախարդեցին կազմակերպիչները, որոնք յայտագիրի աւարտին յոտնկայս եւ թունդ ծափահարութիւններով յայտնեցին իրենց հիացմունքն ու երախտագիտութիւնը:

Իրաւամբ ըսուած է, թէ մանուկները խաղաղութեան, սիրոյ, գուրգուրանքի եւ երջանկութեան առաքեալներ են, ազնիւ ու մարդկային  զգացումներու յուշարարները, յորդահոս ու վճիտ ակունքներու բացուելու ապագայ տաղանդները, այլապէս ցեղային առանձնայատկութեամբ օժտուած ժառանգորդները հայութեան:

Փաստօրէն, ինչպէ՛ս չհրապուրուիլ եւ չհպարտանալ ի տես այն գեղեցիկ ու վայելուչ տարազաւորներուն, որոնք ամբողջ տարի մը, իրենց առօրեայ մանկական ու պատանեկան հոգերուն առընթեր, մասնակից են եղած երգչախումբի հետեւողական փորձերուն, ունկնդրած տրուած թելադրանքներուն, երգ ու երաժշտութիւն սորված, նեղացած, խնդացած, չարաճճիութիւններ ըրած, եւ ապա իբրեւ իրենց արուեստին ու կոչումին հաւատարիմ մշակոյթի զինուորագրեալներ, ինքնավստահօրէն եւ առանց շփոթի ներկայացած արուեստասէր հանրութեան, ծնողներուն եւ կազմակերպիչներուն, պատկառելի սրահի մը ամպիոնէն` թաթաւուն եւ հնչեղութեամբ մատուցելու հայ թէ օտար յօրինողներու երգացանկը:

Յիրաւի, խնամքով պատրաստուած յայտագիրը կ՛ընդգրկէր առաջին հերթին Զեքի Նասիֆի ամէնէն մարդկայնականի ու հայրենասէրի երգերը, որոնց մեկնաբանութեամբ երգչախումբի անդամները կրցան գրաւել հանդիսատեսներու ներաշխարհը:

Նուազ յիշատակելի չէին Ռոպէրթ Պետրոսեանի, Ժիւլիեթա Արուստամեանի, Խաչատուր Աւետիսեանի, Քանզոն Նաբոլեթանայի, Վերտիի, Սալի Ալպրեխթի, Ճէյ Ալթհաուզի, Ռոճըրզի եւ ուրիշներու յօրինումներու ներկայացումները:

Շատ յուզական եւ տպաւորիչ էր նորակազմ «Այատինա» երգչախումբի մասնակցութիւնը սոյն համերգին, իբրեւ քաղաքացիական կրթութեան եւ մշակութային գոյացութեան ամէնէն վառ օրինաչափութիւն:

Հապա՛ համերգի սկզբնաւորութեան ցուցադրուած վիտէօ երիզը, որ կը ներկայացնէր աւելի քան տասնամեակ մը առաջ «Կարկաչ»-ականներու համերգը, զոր իր ներկայութեամբ պատուած էր, նոյնինքն Զեքի Նասիֆը: Վերոնշեալ արժեւորումներու առնթեր, հարկ է սրտի խօսք ըսել նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական ու բարոյական ներդրումով, աջակցութեամբ, նեցուկով կանգնելով, բարերարութեամբ, բայց մանաւանդ մշակութանուէրի համոզումով տէր ու թիկունք են ազգային ու մարդկային հոգեմտաւոր շտեմարանի հարստացման, ջրդեղման եւ տարածման:

Աւարտին, այսքան տարի ետք, եւ բոլոր պատեհ առիթներու առանձնաբար շեշտադրուած, այլապէս ի՛նչ խօսք կարելի է դեռ ըսել մեր շատ սիրելի երաժշտագէտին, մանկավարժին, դասախօսին, ընկերոջ ու ազնիւ բարեկանին` Զաքար Քէշիշեանին, որ տակաւին

երիտասարդականի օրերուն` Կոմիտաս եւ Արամ Խաչատուրեան կ՛ապրէր, ազգային հոգեպարար երաժշտութիւն եւ մշակոյթ կը շնչաւորէր, իր անպաճոյճ սրինգով ամբողջ շրջապատի մը ներաշխարհը կը սնուցանէր, պարզապէս անոր համար, որ ան ծնած էր երաժշտագէտ ըլլալու եւ հաւատարմօրէն ծառայելու իր կոչումին:

Վաւերական արտայայտութի՞ւնը ըսուածին, կը բաւէ ամէն քայլափոխի եւ բոլոր ամպիոններէն բարձրաձայնել, թէ երկտասնամեակ մը ամբողջ անոր շունչին ու հոգիին, ճիգին ու քրտինքին արտայայտիչներն են եղած իրերայաջորդ  սերունդներ, որոնք հայ թէ օտար երգերու մատուցումը կատարած են ջերմեռանդ շրթներով:

Այլ ասած, խմբավար ու երաժշտութեան ուսուցիչը, բոլորիս պարոն Զաքարը այսքան ժամանակ Լիբանանի թէ Արցախի երկնակամարներուն տակ իր հիմնադրած «Կարկաչ»-ով եւ «Վարանդա»-ով հայ երգի ու մշակոյթի պանծացման դեսպանն է եղեր ու կը շարունակէ այդպիսի՛ն մնալ, արդարօրէ՛ն:

Համերգին ամբողջ տեւողութեան, ինչպէս շատ առիթներու, նաեւ այս անգամ, դաշնամուրին վրայ արուեստագիտուհի մը իր կարգին կը պատարագէր` ստեղնաշարերու հնչեղութիւնը իր տիրութեան ենթարկելով, գեղագէտի ճարտարութեամբ, ազնուափայլ կեցուածքի ու որակի յայտնագործումով, բայց մանաւանդ`  բանաստեղծական նրբահիւս մեղեդիներու արտաբերումով: Դաշնակահարուհի Կամելա Քէշիշեանն էր:

Սերունդներ երախտապարտ են Զաքար Քէշիշեան ամոլին:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES