Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Թորոնթոյի Հաւաքին Մասնակցեցաւ Նախարար Ճէյսըն Քենի
Կազմակերպութեամբ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման Թորոնթոյի միացեալ յանձնախումբին, 27 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչումը Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ:
Հոգեւոր հայրերու, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու եւ թորոնթոհայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ թորոնթոհայ հայրենակիցներու կողքին, ներկայ էին Քանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական կառավարութիւններու պաշտօնատարներ եւ Թորոնթոյի տարածքին գործող մշակութային, բարեսիրական եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Ձեռնարկը վարեց Քաթիա Տէր Յովակիմեանը: Իր խօսքին մէջ ան յայտնեց, որ հարիւրամեակի սեմին, աւելի քան երբեք, թուրք կառավարութիւնը կը շարունակէ ուրանալ իր նախնիներուն կատարած ոճրագործութիւնը, շարունակելով, որ թուրք կառավարութիւնը ճիգ չի խնայեր փոխելու պատմութիւնը, միջազգային հանրութեան ներկայացնելու Թուրքիոյ ի նպաստ պատկեր մը: Տէր Յովակիմեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Քանատայի կառավարութեան, որ 2006-ին, ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը` դաշնակցային կառավարական մակարդակի վրայ, վեր առնելով թորոնթոհայութեան այն մտահոգութիւնը, որ ճանաչման այդ օրէն ի վեր վարչապետի պատգամը խորապէս ազդուած է Թուրքիոյ անընդհատ ուրացման քաղաքականութեան ճնշումէն: Տէր Յովակիմեան թելադրեց, որ Քանատայի առաջնահերթ դերը` հայ-թուրք հաշտեցման ծիրին մէջ, Թուրքիոյ օգնելն է, որ ընդունի իր անցեալը, որովհետեւ ուրացումը պարզապէս անարդարութիւն է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Հայաստանի հաշուոյն եւ կը ջլատէ յառաջիկայ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու բոլոր ճիգերը:
Ապա Տէր Յովակիմեան նշեց, որ Էրտողանին անհեթեթ յայտարարութեան օրը, թրքական կազմակերպուած եւ լուրջ աշխատանքին իբրեւ հետեւանք, Թորոնթոն ականատես եղաւ քաղաքապետական գործադիր խորհուրդին կողմէ Թորոնթոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի մը զետեղման առաջարկի յետաձգումին եւ անոր փոխանցումին` փրոթոգոլի պատասխանատուին, որ պիտի աշխատի հայ եւ թուրք քանատացիներուն եւ նահանգային ու դաշնակցային կառավարութիւններուն հետ եւ արդիւնքը փոխանցէ գործադիր խորհուրդին` առ ի վերջնական վաւերացում: Թէեւ անսպասելի ու վիրաւորական էր այս պատահարը, այսուամենայնիւ, աշխատանքը տակաւին չէ աւարտած, եւ պիտի ընենք մեր կարելին, որպէսզի կարենանք հասնիլ արդար լուծումի:
Տէր Յովակիմեան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով. «Հարիւրամեակի սեմին կը յուսանք, որ Քանատայի դիրքորոշումը ըլլայ պատմական ճշմարտութեան կողքին եւ աշխատի Թուրքիոյ ժողովուրդին հետ, որ այսօր, աւելի քան երբեք, հարցականի տակ կ՛առնէ իր կառավարութեան քարոզչութիւնը եւ կը ձգտի գիտնալու իրականութիւնը»:
Ապա խօսք առաւ քանատահայ գաղութի երկարամեայ բարեկամ, Քանատայի աշխատանքի, ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար` Ճէյսըն Քենին, որ դատապարտեց Թուրքիան իր ուրացման քաղաքականութեան համար եւ վերահաստատեց Քանատայի կառավարութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կեցուածքը, յայտնելով, որ այդ որոշումը կը մնայ անփոփոխ:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին Քանատայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամ Ռաթիքա Սիթսապայեզան, որ կը ներկայացնէր դաշնակցային կառավարութեան ընդդիմադիր, Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Թոմաս Մուլքերը, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ տոքթ. Հելենա Ճազեք, որ կը ներկայացնէր Օնթարիոյի նահանգապետ Քաթլին Ուինը, Օնթարիոյի կառավարութեան ընդդիմադիր, Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավար Թիմ Հուտաք, Հայ դատի ջատագով, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ Մայքըլ Փրու, որ կը ներկայացնէր Օնթարիոյի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Անտրէա Հորուաթը, Թորոնթոյի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Շելի Քարոլ, Մարքամի քաղաքապետի փոխանորդ Ճաք Հիթ, Թորոնթոյի Հանրային վարժարաններու ուսումնական խորհուրդի (TDSB) անդամ Յարութ Մանուկեան, որ նաեւ կը ներկայացնէր ատենապետ Քրիս Պոլթընը եւ Թորոնթոյի քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածուներ Ճոն Թորի եւ Տէյվիտ Սոքնաքի, որոնք նոյնպէս դատապարտեցին Թուրքիոյ ուրացման աշխատանքները եւ վերահաստատեցին իրենց բարեկամութիւնն ու զօրակցութիւնը քանատահայ ու թորոնթոհայ գաղութին:
Ոգեկոչման ձեռնարկի առաջին պատգամաբերն էր Թորոնթոյի «Նեշընըլ Փոսթ» օրաթերթի խմբագիր եւ լրագրող Ճոնաթան Քէյ: Իր կարճ, բայց համապարփակ բանախօսութեան մէջ ան կատարեց հակիրճ ակնարկ մը 20-րդ դարու տարբեր ցեղասպանութիւններուն մասին եւ կեդրոնացաւ ուրացման հոգեբանութեան վրայ: Աւարտելով իր խօսքը` Քէյ յայտնեց, որ կը զօրակցի այն թուրք ժողովուրդին, որ իր պետութենէն կը պահանջէ իրականութիւնը:
Ապա հանդէս եկաւ թորոնթոհայ գաղութի բարեկամ, Քանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Թորոնթոյի քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածու Ճիմ Քարիքիանիս, որ իր զօրակցական հարազատ խօսքերու կողքին, վստահեցուց թորոնթոհայութեան, որ ճիգ պիտի չխնայէ, որ Թորոնթոյի մէջ անպայման Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած յուշակոթողը զետեղուի:
Երկրորդ պատգամաբերն էր իրաւաբան, պատմագէտ, դիւանագէտ եւ Քանատայի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Արա Պապեան, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերու հարցը եւ հողային պահանջատիրութեան օրինական երեսը:
Պաշտօնական բաժինի աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի Ցեղասպանութեան յուշակոթող, ուր հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները թորոնթոհայ գաղութի անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին, իսկ թորոնթոհայ հայրենակիցները ծաղիկներ զետեղեցին անգերեզման ու անշիրիմ մեր նահատակներու վառ յիշատակին:
Հոգեւոր հովիւներու աղօթքով փակուեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկը:

