Ռասիմ Օզան Քիւթահեալը Կը Հարցնէ. «Մենք Որո՞նց Թոռներն Ենք, Թալէաթներո՞ւն, Թէ՞ Հայերը Պաշտպանողներուն»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»
Թրքական «Սապահ» օրաթերթի սիւնակագիր Ռասիմ Օզան Քիւթահեալը, որ միջոցէ մը ի վեր 1915-ի մասին ուշագրաւ յօդուածներ կը հրատարակէ ու յարգանքով կը յիշէ այն պատուաւոր թուրք մարդիկն ու պաշտօնեաները, որոնք 1915-ին հերոսաբար դէմ եկան իթթիհատականներու կողմէ կազմակերպուած սպանդի տեղահանութեան, նաեւ ունի յօդուած մը, ուր հարց կու տայ, թէ Թաքսիմի Կեզի հանրապարտէզի ոգին ալ որո՞ւ ճամբուն վրայ է, ա՞ն ալ Թալէաթ փաշային, ուղիներուն կը հետեւի:
Շատ կարեւոր այս յօդուածին մէջ յօդուածագիրը դարձեալ մէկ առ մէկ կը յիշէ այդ պատուաւոր ու իրենց մարդկային արժանապատուութեան տէր կանգնած թուրք պաշտօնեաներուն նահանգնապետներուն կամ կուսակալներուն, որոնք իրենց վարկն ու պաշտօնը կորսնցնելու գնով դէմ եկան տեղահանութեան գործադրութեան եւ պաշտպանեցին հայերը: Այժմ Ռասիմ Քիւթահեալը հարց կու տայ, թէ մենք որո՞նց բարոյական թոռներն ենք, Թալէաթ փաշաներու եւ իթթիհատականներո՞ւ, բոլոր քրիստոնեաներու դէմ կոտորած սարքած Տիգրանակերտի կուսակալ Մեհմեթ Ռեշիտիներո՞ւ, թէ՞ ոչ հայերու պաշտպան կանգնած եւ Մեհմեթ Ռեշիտներու կողմէ սպաննուած Լիճէի նահանգապետ Հիւսէյին Նեսիմիներու, «Ես կուսակալ եմ, աւազակ չեմ, այս հրահանգը չեմ գործադրեր» ըսած ըլլալուն համար իր պաշտօնէն վար առնուած Հասան Մազհարներո՞ւ թոռներն ենք, թէ՞ ոչ ամբողջ հայ ժողովուրդը սպանդի ղրկած Թալէաթ փաշայի եւ ընկերներուն թոռներն ենք:
Ռասիմ Օզան Քիւթահեալը դարձեալ կը պատմէ, որ այդ շրջանին կային հերոսներ, որոնք պետական դէմքեր ալ չէին, եւ որոնք հայերուն աքսորուելուն դէմ էին: Օրինակ` Էրեղլիի մէջ Տելի Մուսթաֆա աղա մը կար: Այս անձը, որ պետական որեւէ պաշտօն չունէր, կրցած էր ըսել, որ` «Թուրքերը եթէ եղինձ են, հայերն ալ իւղ են եւ աղ, առանց իւղի եւ աղի կարելի չէ փիլաւ եփել, առանց կեաւուրի երկիր չ՛ըլլար»: Այսպիսի անձեր դէմ եկած էին տեղահանութեան եւ օգնած էին, որ եղբայրը նկատուած հայեր կեանքի մէջ մնան: Այսօր Էրեղլիի մէջ ոեւէ մէկը կը յիշէ՞ ու կ՛ոգեկոչէ՞ յիշատակը այսպիսի մարդու մը: Տելի Մուսթաֆայի անունով մկրտուած փողոց կամ պողոտայ մը կա՞յ, թէ՞ ոչ Տելի Մուսթաֆային այսօր կը նային որպէս դաւաճան մը:
Ռասիմ Օզան Քիւթահեալը սպառիչ տողերով հարց կու տայ, թէ հիմա մենք որո՞նց բարոյական թոռներն ենք, որո՞նց անունները յարգանքով կը յիշատակենք, որո՞նց անուններով կ՛ոգեկոչենք մեր գլխաւոր պողոտաները, որո՞նց արձանները կը զետեղենք հրապարակներու վրայ: Իրենց արժանապատիւ դիմադրութեան պատճառով իթթիհատականներու կողմէ սպաննուած Հիւսէյին Նեսիմէյի կամ Սապիթ պէյի արձաննե՞րը, թէ՞ ոչ այն Թալէաթ փաշային եւ ընկերներուն, որոնք կրցած էին ըսել, որ մինչեւ որ հայերը գոյութիւն ունենալէ դադրին, իրենք ականջ պիտի չտան իրենց խղճմտանքի ձայնին: Յօդուածագիրը վերջին հաշուով հարց կու տայ, թէ այսօր Թաքսիմի Կեզի հանրապարտէզին շարժումը ստեղծողներն ալ որո՞նց բարոյական թոռներն են: Իթթիհատականներու եւ քեմալականներո՞ւ, թէ՞ աքսորի եւ սպանդի հեղինակներուն:

