Երջանկութեան Լերան Անունը

ԱՐՄԱՆ ԹԱՅՐԱՆ

img_1305aԱնծայրածիր լեռնադաշտի հորիզոնը մանիշակագոյն պատմուճանով մը կը ծածկէ Քաչքար լեռները վերջալոյսի այս ժամերուն եւ այդ լեռներու տարածքը իր տեղանուններով բազմահազար տարիներու պատմամշակութային ժառանգը կը պարգեւէ մեզի:

Դարերու ընթացքին մանրանախշ գործուած խաչքարի պէս ձեւաւորուած եւ տեղանուններով նոյնացած Օվիտ լեռը, հովիտը չէ՞ միթէ: Կամ Քաչքար կոչուածը` Խաչքարը: Քանի պեղենք, ինքնութեան արմատները դուրս չե՞ն գար այդ տեղանուններէն: Մերթ լեզուի  բթութենէն, սխալ արտասանելէն, մերթ ալ բանագողութենէն, չարամտութենէն Ագտամարի վերածուած Աղթամարը կամ Անըյի վերածուած Անին իրականութեան մէջ մեր անցեալի բացատրականները չե՞ն:

img_1305bՀայերը անցեալին մատուռներ կառուցեր են այս լեռներու հասանելի բարձունքներուն եւ ապա լեռը ամբողջովին կոչեր են «Մատուռ»: Լեռնահովիտը ինքնին տեղանուն դարձեր եւ մեր օրերուն հասեր է «Հովիտ» կերպով:

Երկրի գեղեցկագոյն վայրերէն Քաչքար լեռներու հովիտներուն, Վերջենիկ լերան լանջերուն բուսնող վայրի ծաղիկներուն ընդհանուր անունն է «Կարկաչ»-ը, «վարդիկի ծաղիկ»-ները: Այդ բոլորին համահունչ գեղեցկութենէն ներշնչուած է կ՛երեւի Վերջենիկ անունը, որ մեզ պիտի յուշէր երջանկութիւնը:

Քաչքար լեռնաշղթայի բարձրագոյն կատարը կը հասնի 3937 մեթրի ու կը դառնայ երկրի չորրորդ բարձրութիւնը: Տարածաշրջանը համաշխարհային գնահատումով կը յիշուի աշխարհի պահպանման արժանի երկու հարիւր բնական վայրերէն մին: Ունի բուսականութեան հարուստ տեսականի: Լիլիում բոնդիկումը, Թուլիփա արմենան, Բաէոնիա ուիթմանիան, Թրոնսթէյնէրա սֆէրիքան, Կերանիում փսիլոսթէմոն, Կերանիում արմենիում գրանեսպիլ, Գամբանուլա լաքթիֆլորա, Թիմուս բրոսոքս, Փոլիկոնում պիստորթա սուպս քարնէում եւ դեռ բազմաթիւ բոյսի տեսակները միայն այս շրջանին յատուկ են:

Տարածաշրջանը հարուստ է նաեւ պատմամշակութային հնութիւններով, որոնց միայն փլատակները կամ ձախ-աջ ցրուած սրբատաշ քարերը մնացած են մեր օրերուն: Հիմքի մնացորդները դիտելով` կարելի է ենթադրել, թէ ան որքան մեծ վանք մը եղած է անցեալին Եղնովիտի գերեզմանատան գտնուած այս տարածքին:

Պատմական տեղեկութիւններով գիտենք, թէ Եղնովիտի տարածքը մինչեւ ԺԱ. եւ ԺԶ. դարեր հայ հոգեւոր մշակոյթի եւ գրչութեան կարեւոր կեդրոններէն եղած է: Մխիթարեան միաբանութեան անդամներէն Յակովբոս Տաշեան եւ ակադեմական Լեւոն Խաչիկեան այս մասին ուսումնասիրութիւններ թողած են: Եղնովիտ գիւղի Խաչիկ Հօր վանքի գրիչ հայր Կարապետի 1504 թուին գրի առած ձեռագիր մատեանին մէջ կը կարդանք հետեւեալ տողերը. «Այս գիրքը գրուած է Համշէն երկրի Եղնովիտ գիւղի Սուրբ Խաչիկ Հօր վանքին մէջ»: Խաչիկեան կ՛ըսէ, թէ Խաչիկ Հօր վանքը Համշէնի վանքերու ամենանշանաւորն է: Սակայն կը յիշուին նաեւ Կոշտենց եւ Խուժկայ վանքերն ալ: Կասկած չկայ, որ դեռ բազմահարիւր ձեռագրեր եւ մշակութային ժառանգ հանդիսանալիք իրեր արտադրուած ըլլան Համշէնի վանքերուն մէջ:

Այդ ժառանգին կարեւոր մէկ մասը ոչնչացաւ վերջին դարերուն: Խաչիկ Հօր վանքը կարեւոր է նաեւ Սուրբ Վարդանանցի մարտիրոսներու, մանաւանդ Վարդան Մամիկոնեանի եղբօր` Հմայեակ Մամիկոնեանի մասունքներուն այս տեղ պահուած ըլլալուն առումով: Հայր Ղեւոնդ Ալիշան իր գրութիւններէն մէկուն մէջ գրած է հետեւեալը. «… Տեմիրտաղ լերան ստորոտը գտնուող Պաշ Համշէնի գլխաւոր բնակավայր Համշէնի խաչեքար լերան վրայ հին վանք մը կը գտնուի, ուր Վարդանանց նահատակներու աճիւնները կը պահուին…»:

Share this Article
CATEGORIES