Նոյնիսկ Բոպիկ Ոտքով, Բայց Անպայման Պիտի Երթամ Ջրդնիկ
ՊԵՍՍԷ ՔԱՊԱՔ
Սասունցիի թոռ Լիլիա, որ Շուէտ բնակութիւն հաստատած է 17 տարիէ ի վեր, այս անիծեալ օրերու դէպքերէն ետք Սասուն մնացած ու կեանքը շարունակած մեծ հօրաքրոջմէ հետք մը գտնելու յոյսով, որպէս զբօսաշրջիկ, Պոլիս եկած, առաջին առիթով ալ «Ակօս» այցելած է:
Լիլին է ամուսինը` Նայիրի, աւելի վերջ իբրեւ սասուցի, այն ալ` որպէս իր ծննդավայրին ծանօթ քաղքցի, զիս ճանչնալով մեծապէս ուրախացած կ՛երեւէին:
«Եկար տարիներ մեծ հայրիկիս գիւղէն ոչ մի հետքի հանդիպած ենք: Յաճախ փնտռեցի համացանցի վրայ, բայց` ի զուր», կ՛ըսէր ան: Եւ այս պատճառաւ ըլլալու էին դէմքին վրայ երեւցած ուրախութեան ու շուարումի նշոյլները: Ան քարտէսին վրայ մեծ հօրը գիւղին եւ հարեւան շրջաններու տեղանունները տեւական նկարելով` չէր գոհանար եւ Նայիրիէն կը խնդրէր, որ վիտէոյով ալ արձանագրէ:
Լիլիա կը շարունակէ պատմել. «Մեծ հայրիկս գիւղին ռէսն է եղեր, Մանուկի որդի ռէս Լախօ Թումայեան կ՛ըսեն եղեր իրեն, Ջրդնիկի մեր տան ալ Թումուին տունը… 1915-էն ետք ի՞նչ եղած է տունին, չեմ գիտեր, միայն թէ մէկ քոյրը Սասուն մնացեր է, միւս քոյրը ճանապարհին մեռեր է …»:
Կիրակի օր եկեղեցւոյ ժամկոչին հետ հանդիպումը տամուկ աչքերով կը պատմէ. «Սասունցի ըլլալը սորվելով թէ՛ շուարեցայ, թէ՛ ուրախացայ: Մեծ հայրիկիս գիւղը հարցուցի: Կը վախնայի, որ յանկարծ այդ անունով գիւղ չկայ, ըսէր: Բայց սարսափս յաղթելով` հարցուցի. Ջրդնիկ գիւղը գիտէ՞ք, անունը լսա՞ծ էք: Վախս ի դերեւ ելաւ եւ ականջներուս չհաւատացի, երբ ան ըսաւ, որ Ջրդնիկ անունը լսած է, բայց գացած չունի: Այս խօսքերը մանկութենէս ի վեր լսածներուս իւթոփիա մը չըլլար, Ջրդնիկին երեւակայական գիւղ մը չըլլալը ցոյց կու տային ինծի: Փոթորիկներ կը պայթէին հոգիիս մէջ…»:
«Մեծ հայրիկիս պատմութիւններով մեծցած էի, եւ երբ զինք կորսնցուցինք, Ջրդնիկ գիւղը այլեւս յիշատակի մը վերածուեցաւ ինծի համար, իսկ անոր հասնիլը իւթոփիա: Մինչեւ այն ժամկոչին ըսածները լսելս, այդպէս էր: Այն ատեն միայն յստակացաւ, մարմին ստացաւ Ջրդնիկը…»:
Պոլսոյ մէջ գտած քանի մը սասունցիներով գինովցած էր Լիլին. այդ հոգեվիճակը շարունակելու համար զինք հրաւիրեցի զարմիկիս հինայի գիշերին, ուր բարձր երաժշտութեան պատճառով չէինք կրնար կարգին խօսիլ, ուրեմն մեր միակ ընելիքը պարել էր…
Եւ պարեցինք, աւելի ճիշդ` պարողներուն միացանք: Գիտէք, թէ բոլոր սասունցիները քալելն ու պարելը միասին կը սորվին, այսինքն երաժշտութիւնն ու շուրջպարը սասունցիին համար ուտելու, քնանալու նման անհրաժեշտութիւններ են, ուրեմն Լիլին ալ իր արեան գնդիկներուն կանչով մտաւ շուրջպարի օղակին մէջ եւ մօտ 30 վայրկեան անդադար պարեց ու երգեց պարեղանակներ, որոնց մէջ յաճախ կ՛անցնէին Սասուն եւ սասունցի բառերը:
Լիլի արդէն սկսած էր հասկնալ, նոյնիսկ կարգ մը բառեր արտասանել Սասնոյ բարբառով: Իսկ ես, փորձեցի իր ջիղով խաղալ. «Քու տէտէիդ անունը` Լեխօ, ասորական հնչում ունի, չըլլա՞յ որ ասորի (սուրեանի) ըլլայ»: Եւ ահա պատահեցաւ սպասելին: Յօնքերը պռստող Լիլին գոչեց` «Բնա՛ւ, երբե՛ք: Մեծ հայրիկս մաքուր հայ էր, Լեխօ ալ արդէն երիտասարդ կը նշանակէ…»: Քանի մը հոգի վկայեցին իրեն, որ սասունցիներ նորահաս տունկին «լախօ» կ՛ըսեն, եւ Լիլին հանդարտեցաւ:
Միջոց մը հեռացաւ ինձմէ, յետոյ եկաւ ու խանդավառուած պատմեց, թէ կնոջ մը հետ ծանօթացեր էր, որ Ջրդնիկի հարեւան Մըջգեղցի էր, եղբայրը դեռ հոն կ՛ապրի եղեր… «Գալ տարի պիտի գամ եւ միասին պիտի երթանք Սասուն» ըսաւ Լիլի: Մէկ երկու հոգի զինք լսելով` ըսին, որ դժուար է եւրոպացի կնոջ մը համար այն տեղերը երթալ: Բայց ան միտքը դրած էր եւ հրաժարելու նպատակ չունէր. «Մինչեւ իսկ հետիոտն, նոյնիսկ բոկոտն… բայց անպայման պիտի երթամ Ջրդնիկ… Մեծ հայրիկս ամէն անգամ կարօտով կը յիշեր Ջրդնիկը ու կ՛ըսէր, որ անգամ մը հողին վրայ ոտս կոխեմ, կը բաւէ, յետոյ մեռնի՛մ հոգս չէ: Այս պատճառով գալ ամառ անպայման կրկին պիտի գամ Թուրքիա, Սասուն պիտի երթամ, ափ մը հող առնեմ իր ծնած Ջրդնիկէն, տանիմ ու գերեզմանին վրայ ցանեմ, որպէսզի մեծ հայրիկիս հոգին խայտայ ու կարօտը առնէ իր ծննդավայրի հողէն…»:

