Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն ընկերակցեցան ներկայ եւ նոր նշանակուած նահանգապետերը: Քննարկուեցան լիբանանեան տարբեր շրջաններուն կարիքները:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք մտահոգութիւն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը կրնայ վատթարանալ` երկարատեւ անիշխանութեան պարագային: Ան կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի կոչ ուղղեց քաղաքական բոլոր ուժերուն համաձայնութիւն գոյացնելու` կատարելու համար նախագահական ընտրութիւնը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ 24 մայիսէն առաջ հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել:
ՆԱԽՈՐԴ 48 ժամուան ընթացքին ներկայացուած է վատիկանեան նախաձեռնութիւն մը` երաշխաւորելու համար Լիբանանի նախագահական ընտրութեան կայացումը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ քրիստոնեաները դարձեալ պիտի կորսնցնեն հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ունենալու առիթը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ մաղթած են, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Երուսաղէմ կատարելիք իր այցելութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ տեղեկագիրի մը համաձայն, ահաբեկչական խմբաւորում մը կը ծրագրէ թիրախ դարձնել Լիբանանի մէջ օտար դեսպանատուներ:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Թրիփոլիի Զահիրիէ շրջանին մէջ ներխուժեց եւ գրաւեց զէնքի եւ զինամթերքի պահեստանոց մը:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Ռիֆաաթ Ալի Իտ կը գտնուի Թարթուսի մէջ:
ՆԱԽԱՏԵՍԵԼԻ է, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի հրապարակէ հաղորդագրութիւն մը` շեշտելով նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ անիշխանութիւնը աւելի լաւ է, քան Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերու զօրակից անձնաւորութեան մը նախագահ ընտրութիւնը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի քաղաքական խորհրդատու Սեսին Սեսին մաղթեց, որ հանրապետութեան յաջորդ նախագահը ընտրուի ազգային համագործակցութեան հիման վրայ` կտրականապէս մերժելով անիշխանութեան տարբերակը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները զարմանալի են` աւելցնելով, որ քաղաքական առումով անիկա անկարելի է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ խորհրդակցութիւնները ի դերեւ չեն ելած:
ԻԹԹԻՀԱՏ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատ յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը անկարելի պիտի ըլլայ, նախքան համախոհութեան գոյացումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը հիմնական հարցեր են, որոնք պէտք է քննարկուին Մուսթաքպալ հոսանքին եւ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ:
ՄԱՐՈՆԻ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Սամիր Մազլում եպիսկոպոս յայտնեց, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կ՛ընդգծէ նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը զգուշացնէ անիշխանութենէն:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի նշեց, որ իրենք կը ջանան հանրապետութեան նախագահ ընտրել Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու թեկնածուն:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նոր նախագահը պիտի ըլլայ Դիմադրութեան զօրակից անձնաւորութիւն մը:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա ներքին եւ արտաքին քաղաքական ուժերուն ներկայութեան շեշտած է, որ ինք կը զօրակցի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին նախարար Ժան Օպէյտի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան հաւանականութիւնը հետզհետէ կը մեծնայ:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը սեպտեմբերի կիսուն պիտի կատարուի:

