Զօր. Աուն – Ուահապ Հանդիպում

Ուահապ եւ զօր. Աուն
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս նախագահական ընտրութեան վերաբերող հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Ուահապ յայտնեց, որ եթէ մինչեւ 25 մայիս հրաշք մը չպատահի, ապա Լիբանան մուտք պիտի գործէ անիշխանութեան հանգրուան մը, որուն պատասխանատուութիւնը կը կրէ քաղաքական այն խմբաւորումը, որ տակաւին կը մերժէ լրջօրէն քննարկել նախագահական իսկական թեկնածուի ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան փրկութեան կարելիութիւնը:
Ուահապ ակնարկեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի վերագրուող նախաձեռնութեան, որուն հիման վրայ ան 25 մայիսէն ետք պիտի շարունակէ մնալ նախագահական պալատին մէջ: «Բաւարար է լիբանանցիներուն կողմէ նախագահ Սլէյմանի գործած սխալներուն նկատմամբ հանդուրժողականութիւնը», ըսաւ Ուահապ` աւելցնելով, որ ան պատճառ դարձած է բանակին եւ լիբանանեան պետութեան նահանջին:

