Այն Հելուէի Մէջ Զինեալ Բախումներ

1205ain_helweՊաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ արձանագրուեցան զինեալ բախումներ` Ֆաթհի եւ պաղեստինեան Պիլալ Պատրի խմբաւորումին միջեւ:

Այն Հելուէի մէջ երեք օր առաջ վիրաւորուած Ալաէտտին Հուժէյրի մահէն ետք պաղեստինցի զինեալներ զօրաշարժի ենթարկուեցան եւ գաղթակայանին ապահովական ուժերը կրակոցի թիրախ դարձուցին:

Այն Հելուէի աղբիւրներուն համաձայն, զինեալ բախումները սաստկացան Պիլալ Պատրի եւ Թալալ Օրտոնիի խմբաւորումներուն միջեւ եւ պատճառեցին 10 վիրաւոր, որոնցմէ են Օսպաթ Անսարի պատասխանատուներէն Թահա Շրայտի եւ Մահեր Ղազալ:

 

Share this Article
CATEGORIES