Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդի Նստացոյց` Ընկերային Հարցերու Նախարարութեան Դիմաց

1205syndicateՍենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ` գլխաւորութեամբ խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպի, նստացոյց մը կատարեց ընկերային հարցերու նախարարութեան կեդրոնին դիմաց:

Չորեքշաբթի, 14 մայիս 2014-ին, կէսօրէ առաջ 11:00-ին, Կեդրոնական Պէյրութի դրամատուներու սեփականատէրերու միութեան կեդրոնատեղիին դիմաց տեղի ունենալիք ցոյց-գործադուլ-դասադուլին նախորդող նախապատրաստական աշխատանք մը նկատուող այս ցոյցին ընթացքին մերժուեցաւ աշխատավարձի յաւելումներու օրինագիծին այն տարբերակը, որ մշակուած էր վերջերս կազմուած երեսփոխանական յանձնախումբին կողմէ:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց խիտ շարքերով մասնակցելու վաղուան ցոյցին, որ պիտի ըլլայ քաղաքակիրթ ընդվզումի ցոյց մը:

Նստացոյցին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Ղարիպ շեշտեց, որ պետական անձնաւորութիւնները շուարած են եւ իրարանցում մը կ՛ապրին խորհուրդին պահանջներուն ի տես: «Մենք պարզ բառերով իրենց կ՛ըսենք. երանի մեզի դէմ եղողները ըլլային դրամատէրեր եւ ոչ թէ գողեր, որոնք մեր իրաւունքներուն շուրջ կը դառնան երեք տարիէ ի վեր», ըսաւ Ղարիպ:

Ան հաստատեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կը պահանջէ յաւելումները եւ 1 յուլիս 2012-էն սկսեալ այդ յաւելումներուն համապատասխանող յետնեալ գումարները` մերժելով զանոնք մասնավճարի դրութեան վերածել: Ղարիպ խորհուրդին անունով կոչ ուղղեց աշակերտներու ծնողներուն, յատկապէս պրէօվէի եւ պաքալորէայի դասարաններու աշակերտներու ծնողներուն եւ այդ դասարաններու աշակերտներուն եւ անոնց ուսուցիչներուն` մասնակցելու վաղուան ցոյցին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES