Խօսքի Ազատութեան Զօրակցական Հաւաք Մամլոյ Սենտիքային Մէջ

Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանին կողմէ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանի փոխնախագահ Քարմա Խայեաթն ու «Ախպար» օրաթերթի խմբագրապետ Իպրահիմ Ամինը այսօր Լա Հէյի մէջ դատավարութեան պիտի ներկայանան:

Լիբանանի մէջ խօսքի ազատութեան սկզբունքին զօրակցելու նպատակով, այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին Մամլոյ սենտիքային մէջ տեղի պիտի ունենայ զօրակցական հաւաք մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին մամլոյ եւ լսատեսողական միջոցներու ներկայացուցիչներ եւ իրաւաբաններ, որոնք պիտի հետեւին ուղղակի սփռուող դատավարութեան:

Նշենք, որ Խայեաթ եւ Ամին ամբաստանուած են Միջազգային դատական ատեանը վարկաբեկելու եւ արդարութիւն պարտադրելու ուղին խափանելու յանցանքով:

Share this Article
CATEGORIES