Պըրրի Ընդունեց Փլամպլին

Փլամպլի եւ Պըրրի

Փլամպլի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` ներկայութեամբ իր տեղեկատուական հարցերու խորհրդական Ալի Համտանի:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի լուսարձակի տակ առաւ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ մնայուն կերպով գործադրուող ոտնձգութիւնները, որոնց շարքին` հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին մէջ արձանագրուող իսրայէլեան մագլցումները:

Պըրրի խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի կողմէ մնայուն կերպով արձանագրուող ոտնձգութիւններն ու սահմանային խախտումները, որոնք Ուազզանիէն կը սկսին եւ կը հասնին Նաքուրա:

Խորհրդարանի նախագահը զգուշացուց, որ մագլցողական այս քայլերը կը սպառնան եռեակ յանձնախումբի աշխատանքներուն,  հարաւի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութեան, ինչպէս նաեւ շրջանին կայունութեան:

Ան ըսաւ, որ Լիբանան կրնայ դադրեցնել եռեակ յանձնախումբին աշխատանքներուն իր մասնակցութիւնը` նկատի ունենալով, որ անիկա ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն արգիլումին:

Հանդիպումէն ետք Փլամպլի յայտնեց, որ ինք շատ լաւ հանդիպում մը ունեցած է Պըրրիի հետ` աւելցնելով, որ քննարկուած են Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր:

Փլամպլի ողջունեց նախագահական ընտրութեան առումով Պըրրիի ի գործ դրած ջանքերը:

Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամ երկիրները հաստատած են, որ անիկա զուտ լիբանանեան գործողութիւն մը պէտք է ըլլայ եւ զայն պէտք է արտաքին բոլոր միջամտութիւններէն հեռու պահել:

Փլամպլի նշեց, որ հինգ մնայուն անդամ երկիրներուն ներկայացուցիչները ընդգծած են նախագահական ընտրութիւնը սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, որ Պըրրի իր այցելուներուն հետ քննարկեց Լապպունէի դէմ իսրայէլեան ուժերուն գործած ոտնձգութիւնը եւ կոչ ուղղեց արտաքին գործոց նախարարութեան համապատասխան քայլերու դիմելու ու բողոքելու ՄԱԿ-ի մօտ:

Share this Article
CATEGORIES