Նախագահ Սլէյման Դատապարտեց Լապպունէի Մէջ Կատարուած Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնը

Նախագահ Սլէյման եւ Միքաթի
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ խստիւ դատապարտեց Լապպունէի մէջ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ արձանագրուած ոտնձգութիւնը, որ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի խախտում է: Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է այս ոտնձգութիւնը յանձնել միջազգային ընտանիքին ուշադրութեան, որպէսզի ան յարմար որոշումը տայ` թշնամիին վրայ ճնշում բանեցնելու եւ անոր գործած ոտնձգութիւններուն վերջ տալու նպատակով:
Նախագահ Սլէյման արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլէն պահանջեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք ներկայացնել` Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու նպատակով:
Նախագահ Սլէյման երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Նախագահական պալատ այցելեցին նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որոնք նախագահ Սլէյմանի հետ քննարկեցին երկրին ապահովական իրավիճակը, որդեգրուած միջոցառումներն ու բանակին վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման հարցազրոյցի մը ընթացքին հեգնանքով յայտնեց, թէ նախագահական ընտրութեան կայացումը կը սպասէ Մարտ 8-ի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն վրայ Ս. Հոգիի ազդեցութիւնը, ինչպէս էր պարագան կառավարութեան կազմութեան ընթացքին:
Ան շեշտեց, որ եթէ ինք յոռետեսութեամբ մօտենայ ներկայ իրավիճակին, ապա կը հաստատէ, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի անիշխանութիւն: Ան նշեց, որ բոլորը արդէն իսկ կ՛անդրադառնան այս իրականութեան, ինչպէս նաեւ կը նշմարեն, որ հանրապետութեան նախագահը «հրշէջի» իր դերակատարութենէն հրաժարած է եւ քաղաքական տարբեր ուժերուն միջեւ հաշտութիւն չի կատարեր, այլ` որոշած է իրականութիւնները ըսել:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կը ջանայ սահմանադրական փոփոխութիւններ կատարել` երկարաձգելու համար իր պաշտօնավարութիւնը, նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքը այդ մասին ոչինչ քննարկած է իրեն հետ:

