Ռայի Պատրիարքը Հանդիպումներ Կ՛ունենայ Ժեմայէլի Եւ Նատեր Հարիրիի Հետ

1205rayi_jemayel

Ժեմայէլ եւ Ռայի պատրիարքը

Նախագահական ընտրութեան վերաբերող զարգացումները քննարկելու շրջագիծին մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ կէսօրէ առաջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը:

Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ ընդգծեց սահմանադրական ժամկէտի սահմաններուն մէջ նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ անիշխանութիւնը կը քանդէ պետական բոլոր հաստատութիւնները, հետեւաբար պէտք է կանխարգիլել զայն:

Ժեմայէլ նշեց, որ նախագահական ընտրութեան թղթածրարին առումով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն միջեւ ներդաշնակութիւն գոյութիւն ունի:

Ան նշեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի միջեւ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը այդ ուղղուածութեան հիման վրայ կատարուած է:

Ժեմայէլ ընդգծեց, որ Հարիրի յանձնառու է երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն գործունէութեան եւ անոնց մէջ քրիստոնեայ համայնքին պատասխանատուութիւններուն:

Նատեր Հարիրի եւ Ռայի պատրիարքը

Նատեր Հարիրի եւ Ռայի պատրիարքը

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի միակ փրկութիւնը զինք բաղկացնող տարրերուն միջեւ խորհրդակցութիւնն է: «Չեմ կարծեր, որ Հարաւային արուարձանները Լիբանանի աշխարհագրութենէն դուրս կը գտնուին: Մենք ոչ մէկ ատեն այդպէս կրնանք մտածել եւ մեզի համար կարեւոր է, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը այս հանգրուանին ստանձնեն իրենց պարտականութիւնները: Մենք կը փորձենք Լիբանանը դուրս բերել հարցերէն եւ այդ ճահիճէն, որուն մէջ կը գլորի տարիներէ ի վեր», ըսաւ ան:

Աւելի ուշ Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունեցաւ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ Նատեր Հարիրիի հետ, որ պատրիարքին փոխանցեց նախկին վարչապետին մտահոգութիւնը` հաւանական անիշխանութեան մասին:

Հարիրի յայտնեց, որ կարեւորագոյնը այն է, որ Լիբանանի քրիստոնեայ բաղկացուցիչը մնայ երկրին խորհրդանիշը եւ նախագահական ընտրութիւնը կատարուի սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին:

 

Share this Article
CATEGORIES