Ըստ Թրքական Կայքի Մը. Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Հասարակական Կազմակերպութիւնները Պիտի Ձեռնարկեն Հայ-Թրքական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Քայլերու
Թրքական «կերչեքկիւնտեմ» կայքը կը գրէ, որ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նպատակով գործի լծուած են:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` «1915-ի դէպքերուն» առնչուող ցաւակցական ուղերձէն ետք, քաղաքացիական հասարակութեան կառոյցներ սկսած են քայլերու ձեռնարկել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համար:
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի հասարակական 8 կազմակերպութիւններու կողմէ իրականացուող` հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցութիւն յայտնելու ծիրին մէջ հասարակական կազմակերպութիւններուն դրամաշնորհներ պիտի տրամադրուին:
200 հազար եւրօ կազմող դրամաշնորհային ծրագիրը պիտի ֆինանսաւորէ 20 տարբեր ծրագիր` իւրաքանչիւրը 5-30 հազար եւրօ արժողութեամբ:
Ծրագիրը կը նախատեսէ աջակցութիւն` երկու երկիրներու ժողովուրդներուն միջեւ կապերու ամրապնդման, տնտեսական եւ գործարար, կրթական եւ մշակութային կապերու ստեղծման, ինչպէս նաեւ` անկողմնակալ տեղեկատուութիւնը երկու կողմերուն հասցնելու նպատակով:

