Ամսթերտամի Մէջ «Հայկական Կամուրջ»-ը

1205NetherlandsՀոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ հին կամուրջ մը, որ 17-րդ դարուն հայ առեւտրականներու կողմէ յաճախակի կերպով օգտագործուած է, այժմ անուանուած է «Հայկական կամուրջ»` շնորհիւ 60-ամեայ Նիքոլայ Ռոմաշուքի, որուն մայրը 1976-ին Հոլանտա գաղթած եւ հիւսիսային Էսեն քաղաքին մէջ հաստատուած հայ մըն է:

Ռոմաշուք աշխուժ անդամի մը վերածուած է հոլանտահայ համայնքին մէջ եւ տարիներ տրամադրած ուսումնասիրելու Ամսթերտամի համալսարանին մէջ գտնուող Հոլանտայի ազգային արխիւներուն Ջուղայի եւ հայ առեւտրականներու մասին նիւթերը, որմէ ետք յաւելեալ տարիներ տրամադրած է Ամսթերտամի քաղաքապետարանը համոզելու, որ հին կամուրջը հայ առեւտրականներուն անունով կոչելը լաւ գաղափար մըն է: Քաղաքապետարանին հաւանութիւնը ստանալու համար Ռոմաշուք նշած է, որ Ամսթերտամի սրտին մէջ գտնուող հին եկեղեցւոյ մէջ շարք մը հայ հոգեւորականներու եւ առեւտրականներու գերեզմաններ յայտնաբերած է: Այդ գերեզմաններէն մէկը կը կրէ 444 թիւը:

Իր թեզը աւելի ամրապնդելու համար ան աւելցուցած է, որ Կարմիր բանակէն Համաշխարհային Բ. պատերազմի հայ զինուորներ թաղուած են Լիւստեն քաղաքին մէջ:

Ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Ռոմաշուք այսպիսի հարցերով կը զբաղի: Իբրեւ հիմնադիրն ու ատենապետը Հայկական ընկերային եւ մշակութային հիմնարկին, օժանդակած է  Հայաստանէն մեծ խաչքարի մը Էսեն բերման:

Այժմ ամէն տարի, 24 ապրիլին Էսենի հայերը կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Քաղաքին մէջ կը բնակին 300-400 հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը Հայաստանէն, Իրաքէն, Իրանէն եւ Թուրքիայէն է: Ռոմաշուք նաեւ օժանդակած է քաղաքին մէջ հայկական գերեզմանատան մը հաստատման, որ Հոլանտայի մէջ իր տեսակին մէջ միակն է: Գերեզմանատունը կոչուած է Հրանդ Տինքի անունով:

Ռոմաշուք նաեւ կը տրամադրէ ժամանակ եւ նիւթական օժանդակութիւն հրատարակելու համար Հոլանտայի միակ հայկական թերթը` «Բարեւ ձեզ»-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )