Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Յայտարարութիւնը` Զինադադարի 20-Ամեակին Առիթով
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն մը տարածած է զինադադարի վերաբերեալ համաձայնագիրի 20-ամեակին առիթով` ատիկա որակելով իբրեւ ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ միակ իսկական ձեռքբերումը: Սոյն համաձայնագիրը վերջ դրաւ լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն` անով իսկ հիմք դնելով խաղաղ բանակցութիւններու համար եւ տագնապի արդար ու վերջնական լուծման ուղղութեամբ պայմաններ ստեղծելով միջնորդներու գործունէութեան համար:
«Միեւնոյն ժամանակ, ստիպուած ենք արձանագրելու, որ հակառակ միջնորդներու բոլոր ջանքերուն եւ հետեւողական աշխատանքին` ուղղուած կողմերու դիրքորոշումներու մերձեցման ու փոխադարձ ընդունելի լուծման մշակման, տակաւին կարելի չեղաւ զինադադարը փոխակերպել վերջնական եւ կայուն խաղաղութեան», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Արձանագրելով, որ շփման գիծին վրայ պարբերաբար տեղի կ՛ունենան միջադէպեր, որոնք յղի են լարուածութեան լուրջ խորացումով, եւ որ միայն 2014 թուականի սկիզբէն արձանագրուած է ազրպէյճանական կողմէն զինադադարի դրութեան խախտման շուրջ 7000 դէպք, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը համոզուած է, որ միայն զինուորական գործողութիւններու վերսկսման կարելիութեան լիովին բացառումը կրնայ օգնել դուրս գալու տագնապի լուծման հոլովոյթին մէջ ստեղծուած իրավիճակէն եւ ամուր հիմք կը ծառայէ կայուն եւ վերջնական խաղաղութեան հաստատման համար:
Ընդունելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ վստահութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը զինադադարի դրութեան ամրապնդման եւ նոր զինուորական լարուածութեան բացառման համար, ղարաբաղեան կողմը բազմիցս կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ լարուածութեան թուլացման եւ կայունութեան ու կանխատեսելիութեան ապահովման ուղղուած նախաձեռնութիւններ:
Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ դժբախտաբար, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախաձեռնութիւններէն ոչ մէկը, հակառակ անոնց նկատմամբ միջնորդներու աջակցութեան եւ միջազգային հանրութեան կոչերուն, չէ ընդունուած ազրպէյճանական կողմէն: «Այսուհանդերձ, Լեռնային Ղարաբաղը կը վերահաստատէ իր առաջարկները վստահութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման միջոցներու ծրարը ուսումնասիրելու վերաբերեալ: Ազրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի գօտիին վրայ զինադադարի մասին համաձայնագիրի ուժի մէջ մտնելու 20-ամեակը լաւ կարելիութիւն կու տայ կողմերուն վերահաստատելու տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը եւ կրկին ներկայացնելու խաղաղ հոլովոյթի անշրջելիութեան ու վերջնական եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ առաջարկները եւ նախաձեռնութիւնները», կ՛եզրափակէ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

