Համանախագահները Կը Հաստատեն Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրի Վերաբերեալ Ճէյմս Ուորլիքի Ներկայացուցած Դրոյթները
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադարի համաձայնագիրի կնքման 20-ամեակին առիթով հրապարակեցին յայտարարութիւն մը` շրջանի ժողովուրդներուն կոչ ուղղելով խորհրդածելու վերջին երկու տասնամեակներու ժառանգութեան շուրջ:
«Այդ համաձայնագիրը վերջ դրաւ իրական պատերազմին, կանգնեցուց ողբերգական բռնութիւններն ու հիմքեր ստեղծեց բանակցութիւններու համար, որոնք կողմերուն կ՛առաջարկուին խաղաղութեան հասնելու համար: Ձեռք բերուած զինադադարին շնորհիւ հայերու եւ ազրպէյճանցիներու նոր սերունդ մեծցաւ` չիմանալով պատերազմի սարսափներուն մասին: Կողմերը պէտք է ընեն իրենց կարելին` ապագայ սերունդները նման փորձառութենէ զերծ պահելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Մինսքի խմբակի համանախագահները, սակայն, կը նշեն, որ զինադադարի մասին համաձայնագիրը չի լուծեր Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը:
«Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջանները կը շարունակեն գրաւեալ մնալ, եւ համաձայնագիրը չէ կրցած լուծել Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը: Վերջնական լուծման բացակայութիւնը յանգեցուցած է հարիւր հազարաւոր մարդոց տեղահանութեան շարունակման, միջազգային սահմանին եւ սահմանագիծին վրայ բռնութեան սրացման սպառնալիքին, ինչպէս նաեւ որոշ շրջանակներու մէջ մոլորութեան, թէ սթաթիւս քոն կրնայ յաւերժ շարունակուիլ», ընդգծուած է յայտարարութեան մէջ:
Կը նշուի, որ կողմերը քիչ ցանկութիւն կը ցուցաբերեն օգտուելու համանախագահ երկիրներու առաջարկներէն կամ քաղաքական որոշումներէ, որոնք անհրաժեշտ են տագնապին խաղաղ լուծման համար:
«Մենք միասնական դիրքորոշում ունինք այս տագնապի հարցին մէջ եւ, առաջուան նման հաւատարիմ ենք կողմերուն օգնելու հարցին մէջ` կարճ ժամանակի մէջ հասնելու համար խաղաղ լուծման` Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիման վրայ, որոնք հիմնուած են ուժ չօգտագործելու, տարածքային ամբողջականութեան, ազգերու հաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի վրայ:
«Տագնապի լուծումը պէտք է ներառէ տարրեր, որոնք նշուած են համանախագահ երկիրներու նախագահներու` 2009-2013-ի յայտարարութիւններուն մէջ, եւ կը նախատեսեն Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններու վերադարձ, Լեռնային Ղարաբաղի համար միջանկեալ կարգավիճակ եւ գերիշխանութեան ու անվտանգութեան երաշխիքներ, միջանցք, որ պիտի կապէ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին, Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակ, որ պիտի որոշուի ապագային` իրաւական ուժ ունեցող ազատ կամքի արտայայտման շնորհիւ, բոլոր գաղթականներու վերադարձ, ինչպէս նաեւ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, ներառեալ` խաղաղապահ գործողութիւններ», ըսած են համանախագահները:
Անոնք յիշեցուցած են նոյեմբերին տեղի ունեցած բարձրագոյն մակարդակով երկխօսութեան վերսկսումը: «Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք սկսելու կառուցողական բանակցութիւններու, որոնք պիտի բերեն այս տարրերուն վրայ հիմնուած խաղաղ լուծման տագնապի լուծման հասնելու նպատակով: Այդպիսի համաձայնութիւն մը անկարելի պիտի ըլլայ առանց հայ եւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներու միջեւ վստահութեան եւ փոխըմբռնման: Հայերն ու ազրպէյճանցիները արժանի են ապրելու խաղաղ եւ անվտանգ, եւ այդ հարցին մէջ մենք պատրաստ ենք օգնելու: Երբ ձեռնարկուին միջոցառումներ, անոնք տեղի պիտի ունենան ԵԱՀԿ-ի եւ միջազգային ընտանիքի լիակատար աջակցութեամբ», ըսուած է տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

