Բրիտանացի Նախարարը Համակարծիք Է Ուորլիքի

Տէյվիտ Լիտինկթըն
Gov.uk կայքը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ Եւրոպայի հարցերով նախարար Տէյվիտ Լիտինկթըն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի կնքման 20-ամեակին առիթով հրապարակած է ուղերձ մը, որուն մէջ կոչ ուղղած է բանակցող բոլոր կողմերուն` վերջնական լուծում գտնելու ղարաբաղեան տագնապին համար:
Լիտինկթընի ուղերձին մէջ կը նշուի. «Թէեւ քսան տարի առաջ այսօր կնքուած զինադադարը վերջ դրաւ դաժան մարտերուն, բայց եւ այնպէս իրական խաղաղութիւնը տակաւին նուաճուած չէ»:
«Արձակազէններու կրակոցները կը շարունակեն հակամարտող երկու կողմերէն ալ մարդկային կեանքեր խլել. երբեմն կռուող զինուորները շատ աւելի երիտասարդ են, քան ինքը` զինադադարը: Մարդասիրական ճգնաժամը կը շարունակուի` հարիւր հազարաւոր տեղահանուած մարդոց զրկելով իրենց խնդիրի շօշափելի լուծումէն: Խաղաղութիւնը կարելի պիտի ըլլայ միայն երկու կողմերու փոխզիջումներուն պարագային, ինչ որ այսօր շատ դժուար է», նշած է Լիտինկթըն` աւելցնելով, որ երկու ժողովուրդները ժամանակին կրցած են միասին խաղաղ պայմաններու մէջ գոյատեւել:
Ըստ պաշտօնատարին, Բրիտանիան կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն միջեւ կապ ու հանդուրժողականութեան մթնոլորտ ստեղծելու պարտաւորութեան:
«Բրիտանիան կ՛աջակցի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին, անոնք կը շարունակեն ջանք չխնայել խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման հարցին մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար», նշած է Լիտինկթըն:
Նախարարը իր ուղերձը եզրափակած է ըսելով, որ համաձայնութեան գալու համար անհրաժեշտ հիմնական տարրերը, որոնց մէջ է նաեւ «շրջափակուած տարածքներու վերադարձը», յստակօրէն ներկայացուած էին 7 մայիսին` Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքի կողմէ:
«Ես լիայոյս եմ, որ երկու երկիրներու կառավարութիւնները այս որոշումը կեանքի կոչելու համար քաղաքական քաջութիւն պիտի ցուցաբերեն` Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդներուն համար», ըսած է բրիտանացի պաշտօնատարը:

