Դաշնակցութիւնը Համաձայն` Կուտակային Կենսաթոշակային Օրէնքի Կառավարութեան Ներկայացուցած Նախագիծին

1205աղվան1-300x199Երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին, երբ կը քննարկուէր կուտակային կենսաթոշակային օրէնքին վերաբերեալ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծը, միայն ՀՅԴ-ն եւ Հայ ազգային քոնկրեսը յստակօրէն արտայայտեցին իրենց տեսակէտը` Դաշնակցութիւնը համաձայն էր այդ ծրագիրին, իսկ Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը տակաւին չեն արտայայտած իրենց դիրքորոշումը կառավարութեան նախագիծին նկատմամբ:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կարելի՞ է, որ կառավարութեան նախագիծին վերաբերեալ հակադիր դիրքորոշումները լուրջ արգելք հանդիսանան քառեակի հետագայ համագործակցութեան համար, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ ատիկա Հայ ազգային քոնկրեսի դիրքորոշումն էր, որ տարբեր էր ՀՅԴ-ի դիրքորոշումէն: «Բայց մենք երբեք երդում չենք տուած, որ բոլոր հարցերուն մէջ պէտք է միակարծիք ըլլալ: Պարզապէս ես համաձայն չեմ Հայ ազգային քոնկրես խմբակցութեան ղեկավարի այսօրուան ելոյթին այն բաժինին, որուն ընթացքին  կը փորձէր խրատներ տալ, դասեր տալ այլ խմբակցութիւններուն, ասիկա ճիշդ մօտեցում չէ»:

Պատգամաւորը աւելցուց, որ քառեակը կը համագործակցի այն հարցերուն շուրջ, որոնց մասին չորս ուժերը ունին համաձայնութիւն, մնացեալ հարցերուն մէջ ամէն մէկը ազատ է իր դիրքորոշումներուն մէջ:

1205Ardzvig1Միւս կողմէ, խօսելով պարտադիր կուտակային օրէնքին մասին` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան նշեց, որ կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծը լրացուցիչ մշակումի ենթարկուած է, աւելցուած է նախաբան, թէ այս հանգրուանին, մինչեւ Սահմանադրական դատարանի պահանջներու կատարումը, նախագիծը ինչ հիմնական նպատակներ կը հետապնդէ:

Նախագիծը կ՛առաջարկէ 76-րդ յօդուածը ուժը կորսնցուցած ճանչնալ, ինչ որ կը նշանակէ, որ 1 յունուարէն ետք գումար չփոխանցողներուն համար որեւէ պատասխանատուութիւն չկայ եւ չի կրնար ըլլալ:

Ըստ պատգամաւորին, նախագիծին մէջ երկրորդ առանձնայատկութիւնը այն է, որ կ՛առաջարկուի հաշուի առնել քաղաքացիներու կամքի արտայայտութիւնը, եթէ քաղաքացին համաձայն չէ, որ իր աշխատավարձէն կուտակային վճարները պահուին, ապա ան դիմում  կը ներկայացնէ եւ այդ դիմումը արդէն պարտաւորութիւն կը դառնայ գործատիրոջ համար, որ ան չհաշուէ վճարները: Չորս ուժերու առաջարկին մէջ հակառակ առաջարկը եղած է, որ քաղաքացին դիմում գրէ երբ որ ուզէ, որ իր աշխատավարձէն կուտակային վճարներ պահուին: «Դիմումատուի կողմէ դիմումը առձեռն ներկայացնելու պարագային պէտք է անոր տրամադրուի գրաւոր հաւաստում` անօրինական հրահանգները կասեցնելու նպատակով», յայտնեց Արծուիկ Մինասեան:

Ան նաեւ ընդգծեց, որ դրական ձեռքբերում է այն յստակեցումը, որ քաղաքացիի կամքի արտայայտութեան դրոյթը ուժի մէջ մտած է 1 յունուար 2014-ին, այսինքն` օրէնքը յետադարձ ուժ կը ստանայ, եւ անոնք, որոնք չեն փոխանցած գումարներ, անոնք, ազատ կը կացուցուին փոխանցելու պարտաւորութենէն: «Ասիկա կը նշանակէ, որ պարտադիր բաղադրիչը չկայ, պարտադիր կուտակային համակարգը չկայ», յայտնեց Արծուիկ Մինասեան:

Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը համաձայն  է կառավարութեան այդ նախագիծին:

 

Share this Article
CATEGORIES