Երեւանի Մէջ. «Պէտք Է Գտնենք Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան Հետ Ընկերակցութեան Ձեւ Մը» Կ՛ըսէ Ֆրանսուա Հոլլանտ

6359_b«Մենք պէտք է գտնենք Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցելու այնպիսի ձեւ մը, որ չի հակասեր Հայաստանի Մաքսային միութեան անդամակցելուն»: Այս մասին երէկ հայ-ֆրանսական տնտեսական ֆորումին ընթացքին յայտարարեց Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ, որ առաջին անգամ ըլլալով պետական այցելութեամբ ժամանած է Հայաստան:

Խօսելով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի տնտեսական յարաբերութիւններուն մասին` նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ չշրջանցեց Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններու եւ Մաքսային միութեան անդամակցելու հարցը:

«Մենք չենք ստիպեր Հայաստանին, որ այնպիսի ընտրութիւն կատարէ, որ կը հակասէ իր շահերուն, այդ մասին ես խօսած եմ Սերժ Սարգսեանի հետ Ֆրանսա կատարած այցելութեան ընթացքին», յայտնեց Ֆրանսուա Հոլլանտ` շեշտելով, որ «Հայաստանի համար պէտք է գտնել Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցելու այնպիսի ձեւ մը, որ չի հակասեր Մաքսային միութեան անդամակցելուն»: «Ես կը կարծեմ, որ կարելի է գտնել խելացի ձեւ», նշեց նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ:

Անդրադառնալով հայ-ֆրանսական տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման` նախագահ Հոլլանտ նկատել տուաւ, որ Ֆրանսայի մէջ կ՛ապրին 500 հազար հայեր, բայց երկու երկիրներուն տնտեսական արդիւնքները սերտելէ ետք պարզ կը դառնայ, որ շատ ընելիքներ կան այդ ուղղութեամբ. պէտք է նախ Ֆրանսայի գործարար հանրութեան ծանօթացնել հայաստանեան շուկան:

Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ ոգեւորիչ նկատեց այն հանգամանքը, որ այսօր Սերժ Սարգսեանի հետ պիտի այցելեն ֆրանսական «Քարֆուր» մեծ հանրախանութներու ցանցի երեւանեան կեդրոնը` տեսնելու, թէ ո՞ր ֆրանսական եւ հայկական ապրանքները պիտի առաջարկուին յաճախորդներուն:

«Մենք կը ցանկանք աջակցիլ Հայաստանին թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տնտեսական մարզերուն մէջ», եզրափակեց Հոլլանտ:

Հայ-ֆրանսական տնտեսական ֆորումի մասնակիցներուն կարելիութիւն տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու նախագահներուն: Ֆորումին կը մասնակցէին տասնեակ մը գործարարներ Ֆրանսայէն, եւ անոնցմէ մէկը Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հարցուց, թէ ի՞նչ կը սպասէ ներդրողներուն Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութենէն ետք: Նախագահ Սերժ Սարգսեան խոստացաւ, որ Մաքսային միութիւնը աւելի գրաւիչ պիտի դարձնէ Հայաստանը:

«Մաքսային միութեան հաւանական անդամակցութիւնը, կը կարծեմ, Հայաստանի տնտեսութիւնը եւ իբրեւ ներդրումային միջավայր Հայաստանը աւելի գրաւիչ կը դարձնէ: Մենք շատ լաւ կը հասկնանք, որ Հայաստանի գրաւչութիւնը կրնայ բարձրանալ, եթէ մենք յաջողինք շուկայի սահմանափակումները վերացնել, ու նաեւ  մեծ շուկաներէն կտրուածութեան վերջը տալ: Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը ճիշդ այսպիսի խնդիրներ կը լուծէ», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

Բացի անկէ, ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի Մաքսային միութեան Հայաստանի անդամակցութիւնը կարելիութիւն կու տայ ուժանիւթ ներմուծելու մրցունակ գիներով` 30 տոկոս զեղչով, ինչ որ եւս մեծ խթան է տնտեսութիւնը զարգացնելու համար:

Նախագահ Սարգսեան հերքեց այն լուրերը, թէ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը կրնայ խոչընդոտել ներդրումները, որոշ ապրանքատեսակներու սղութեան պատճառով. «Հիմնական հումքերի եւ ապրանքատեսակներու մասով մենք արդէն բանակցային հոլովոյթին մէջ ունինք համաձայնութիւններ, երկրորդ` Հայաստանի կառավարութիւնը ունի գործիքներ, որոնցմով կը խրախուսէ տուեալ ներդրողին, եթէ ժամանակի ընթացքին ըլլան որոշակի փոփոխութիւններ, կապուած հումքի ներմուծման հետ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ այստեղ շատ հանգիստ կարելի է ըլլալ»:

Յայտնենք, որ երէկ նախագահներ Սարգսեան եւ Հոլլանտ այցելեցին նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգելու համար մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը:

Հոլլանտ Խոստացած Է Ղարաբաղեան
Տագնապի Լուծման Համար Կարելին Ընել

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ աւելի կանուխ Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:

Հանդիպումը նախ կայացած է պատուիրակութեան անդամներու ընդլայնուած կազմով: Ֆրանսայի նախագահը համոզում յայտնած է, որ այս այցելութիւնը կարեւոր դեր պիտի խաղայ Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ: Ապա հանդիպումը շարունակուած է դռնփակ:

Ազրպէյճանական Haqqin.az կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Հոլլանտ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ Ֆրանսան իրմէ կախեալ ամէն բան պիտի ընէ ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար:

«Ես Ազրպէյճան կը գտնուիմ շրջանային այցելութեան մը ծիրին մէջ: Կը պատրաստուիմ մեկնելու նաեւ Հայաստան եւ Վրաստան», ըսած է ան` աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը կը շարունակէ լարուած մնալ:

Ըստ անոր, արձանագրուած են տասնեակ հազարաւոր զոհեր, նաեւ միջադէպեր արձանագրուած են վերջին շրջանին: «Այդ պատճառով Ֆրանսան, իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, պիտի ընէ կարելին գտնելու համար խաղաղ լուծում, որ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին թոյլ պիտի տայ տագնապը խաղաղ ճամբով լուծելու: Ես կը կարծեմ, որ ատիկա կը բխի երկու երկիրներու շահերէն», ըսած է Հոլլանտ:

 

Share this Article
CATEGORIES