Արժանթինի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան Պիտի Կառուցուի
Պուէնոս Այրէսի նահանգապետարանը Արժանթինի հայ գաղութին հողատարածք նուիրած է` Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու համար: Այս մասին յայտարարած է Պուէնոս Այրէսի Մարդկային իրաւանց եւ մշակութային բազմազանութեան քարտուղարի տեղակալ Քլոտիօ Աւրուժ: Այս մասին կը յայտնէ «Հորիզոն» շաբաթաթերթը` վկայակոչելով թրքական «Mynet» լրատուական կայքը:
Թանգարանի նուիրատուութեան համար կազմակերպուած հանդիսութեան ժամանակ Աւրուժ յիշեցուցած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած են թէ՛ Արժանթինի խորհրդարանը եւ թէ Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետական խորհուրդը:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան մը պիտի հիմնուի նաեւ Ուրուկուէյի մէջ: Հաւանական է, որ երկու երկիրներուն մէջ թանգարաններու բացումը կատարուի նոյն օրը` 24 ապրիլ 2015-ին:
CATEGORIES Հայկական

