Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ապագայի վերաբերեալ ձեր որոշումները ներկայիս մի՛ հրապարակէք, որպէսզի մինչեւ հարցին բիւրեղացումը` կարենաք նոր պրպտումներ կատարել յաջողելու համար:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ նուէր մը պիտի ընծայէք տարեդարձի մը կամ այլ ուրախ առիթով, սուղ նուէր մը հարկաւոր չէ, կարեւորը յիշել եւ յարգելն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Նոր պարտականութիւններու դիմաց լաւ սերտեցէք հարցը, որպէսզի կատարելու պարագային ըլլաք իմաստութեամբ իրագործող:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր կալուած մը կամ կարեւոր պիտոյք մը գնելու կը պատրաստուիք: Նախօրօք պրպտումներ կատարեցէք` տուեալ ապրանքին արժեւորումը կատարելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Նախքան ճամբայ ելլելը` ստուգեցէք ձեր կառքին վիճակը, որպէսզի անակնկալ խանգարում մը շփոթի չմատնէ ձեզ կէս ճամբուն: Խոհեմ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Երկուքով աշխատանքի մը լծուած էք, որ կը վերաբերի մտաւորական սերտողութեան մը: Ապաւինեցէք ձեր հոգեմտաւոր ուժին եւ ոչ` ուրիշին: Օրը բեղուն է:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ վստահիք ուրիշին, ոչ ալ` հարեւանցի տրուած խոստումի մը: Խոհեմութեամբ հետապնդեցէք իրագործուելիք աշխատանքը, առանց յաւելեալ ճիգի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Նամակ մը պիտի ստանաք հեռու երկրէ մը, որ նորութիւններ կը փոխանցէ ձեր ապագայ գործունէութեան կապակցութեամբ: Պատասխանեցէք անմիջապէս:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ անհանգստութիւն մը ունիք, գլխացաւ մը, առանց տնտնալու` հանդիպեցէք բժիշկին, որպէսզի բարդութիւն մը չունենաք անխոհեմութեամբ: Առողջութիւնը խիստ անհրաժեշտութիւն է այսօր եւ միշտ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հետեւեցէք ձեր գործակիցներուն կամ ձեր շրջապատին մէջ եղող անձերու բնաւորութեան, անոնց տրամադրութեան, առանց հակասելու անոնց խօսքին: Այսպիսի պահերուն կարեւոր է համերաշխութեան պահպանումը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր որոշումը առժամաբար պահեցէք ձեզի, ժամանակ մը ետք, երբ հարցը որոշ ձեւ ստանայ, կրնաք բացայայտել եւ իրագործել նպատակը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պտոյտի մը պէտք ունիք, առանձին մի՛ կատարէք, բարեկամներու ընկերացէք դէպի լեռնային բարձունքներ կամ դաշտային խաղաղ տարածքներ: Մաքուր օդի կարիք ունիք, հոգ տարէք ձեր առողջութեան:

