2014-ի Մոնտիալէն Ետք. Տաւիտ Լուիս Պաշտօնապէս Պիտի Միանայ Պարսելոնային

1205david-luisԻր լուրը քաղելով Lancenet կայքէն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ լոնտոնեան Չելսիի յետսապահ Տաւիտ Լուիս 2014-ի Մոնտիալէն անմիջապէս ետք պաշտօնապէս պիտի միանայ Պարսելոնայի, այսպիսով «Լա լիկա»-ի 2014-2015 տարեշրջանը սկսելով անոր հետ:

Սպանական ակումբը պրազիլցի 27 տարեկան յետսապահին իր կազմին միացումին լուրը պաշտօնապէս պիտի յայտարարէ 2014-ի Մոնտիալին աւարտէն անմիջապէս ետք:

Լուիս, որ 2011-էն ի վեր մաս կը կազմէ Չելսիի, այս տարեշրջանին «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն դաշտ ներկայացաւ 34 մրցումի ընթացքին:

Share this Article
CATEGORIES