«Չեմփիընզ Լիկ». Պենզեմա Բացակայ` Աւարտական Մրցումէն

1205benzemaԻր լուրը քաղելով «Մարքա»-էն` ArmSport.am կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա ծունկի ցաւեր ունենալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել 24 մայիսին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին:

Աթլեթիքոյի դէմ տեղի ունենալիք այս մրցումին կրնան դաշտ չներկայանալ նաեւ անոր խմբակիցներէն ոմանք` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, Փեփէ, Անխել Տի Մարիա, Տանիել Քարվախալ եւ Ռաֆայէլ Վարան:

Նշենք, որ անոնց խմբակից Խապի Ալոնսօ այս մրցումին կախակայուած է:

Share this Article
CATEGORIES