Ըմբշամարտ. Յարութիւն Վարդանեան` Եւրոպայի Պատանիներու Ախոյեան
Պուլկարիոյ Սամոքով քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի ըմբշամարտի պատանիներու ախոյեանութիւնը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ ախոյեանութեան վերջին օրը, 46 քկ դասակարգին մէջ, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Յարութիւն Վարդանեան, աւարտականին յաղթելէ ետք իր ռուս մրցակից Վիքթոր Վետերնիքոյին, տիրացաւ ոսկի մետալին:
54 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Էտկար Թամազեան, առաւելութեան հասնելով Գերմանիան ներկայացնող Արթուր Թաթարինովի վրայ, տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Իսկ 63 քկ դասակարգին մէջ թէեւ Արման Բաղդասարեան հասաւ աւարտական, սակայն պարտուելով վրացի իր մրցակիցէն` Նիքոլոզ Չիքայիծէէն, բաւարարուեցաւ արծաթ մետալով:
Այսպիսով, Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան Հայաստանը ներկայացնող խումբը վերադարձաւ 1 ոսկի, 4 արծաթ եւ 5 պրոնզ մետալներով:

