ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՌՈՒՍԻԱ ՏԻՐԱՑԱՒ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ:
Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին Ռուսիա երրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին, երբ 59-42 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը` Թուրքիան, որ առաջին անգամ ըլլալով կը տիրանար պրոնզ մետալին:
Նշենք, որ այսպիսով Ռուսիա ապահովեց 2012-ի Ամառնային ողիմպիականին իր տոմսը. վերջինս տեղի պիտի ունենայ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ:
CATEGORIES Մարզական