«ԹՈՒՐ ՏԸ ՖՐԱՆՍ». – ՖԱՐՐԱՐ ՅԱՂԹԵՑ 3-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ – ՀՈՒՍՀՈՎՏ ԿԸ ՄՆԱՅ ԱՌԱՋԻՆ
Երէկ` երկուշաբթի, 4 յուլիսին, տեղի ունեցաւ «Թուր տը Ֆրանս»ի 3-րդ հանգրուանի մրցումը, որ կը զուգադիպէր Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան:
Կարմին-Սերվելօ խումբին մաս կազմող Թայլըր Ֆարրար, որ յաղթեց 3-րդ հանգրուանի այս մրցումին` արձանագրելով 4 ժամ 40′ 21″ արդիւնք մը, հանդիսացաւ առաջին ամերիկացի հեծելանւորդը, որ այս շրջավազքին պատմութեան մէջ կը յաղթէ 4 յուլիսին օրը զուգադիպող հանգրուանի մրցումին:
Նոյն խումբին մաս կազմող նորվեկիացի Թհոր Հուսհովտ, որ կը հանդիսանայ առաջին, իր մօտ կը պահէ դեղին շապիկը` արձանագրելով 9 ժամ 46′ 46″ արդիւնք մը:
Այսօր տեղի կ՛ունենայ 4-րդ հանգրուանի մրցումը (Միւր տը Պրեթանիա), որուն երկարութիւնն է` 173 քկ:
CATEGORIES Մարզական