ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՊԱՅՐԱՄԵԱՆ ՌՈՍԹՈՎԻ ՀԵՏ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԱՒՍՏՐԻԱ
Նախանցեալ օր Աւստրիա մեկնեցաւ Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Ռոսթով ակումբը` ուսումնամարզական հաւաք մը կատարելու համար:
Հայրենի լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ խումբին հետ Աւստրիա մեկնեցաւ նաեւ Խորէն Պայրամեան:
Թէեւ վերջերս ան իր մասնակցութիւնը կը բերէր Ռոսթովի երիտասարդներուն կատարած մրցումներուն, սակայն շատ յաճախ ան սկսաւ նկատի առնուիլ բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն, ուր տպաւորիչ ներկայացումներ կ՛ունենայ:
Ռոսթով այժմ 13 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 14-րդ դիրքը:
CATEGORIES Մարզական

