ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՒ ԹԵՆԻՍԻ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑԱՇԱՐՔ ՄԸ
Երէկ, Երեւանի «Օրէյնճ թենիս» ակումբին մէջ սկսաւ թենիսի միջազգային մրցաշարք մը, յայտնեց Հայաստանի թենիսի ֆետերասիոնը: Մրցաշարքը կ՛աւարտի 9 յուլիսին:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերողներուն շարքին է նաեւ Հայաստանի տղոց թենիսի ազգային խումբին մաս կազմող Խաչատուր Խաչատրեան:
Ան, ինչպէս նաեւ Թորգոմ Ասատրեան, Գէորգ Սարգսեան, Արման Դանիէլեան եւ Կարօ Փամպուքեան, կը մասնակցին զոյգի մրցումներուն:
Մրցաշարքին կը մասնակցին նաեւ Ռուսիան եւ Ուքրանիան ներկայացնող հայրենի մարզիկներ:
CATEGORIES Մարզական