Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ. ԱՊՏՕ ՖԸՂԱԼԻ ՏԻՐԱՑԱՒ ՍՓԻՏ ԹԵՍԹԻ 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻ ՏԻՏՂՈՍԻՆ
Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, կիրակի, 3 յուլիսին, Ույուն Սիման-Քֆարզըպիանի մէջ գտնուող «Ուարտէ» կառատան մէջ տեղի ունեցաւ 2011 տարեշրջանի Սփիտ Թեսթի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ 36 ինքնաշարժներու:
Տիտղոսին տիրացաւ Ապտօ Ֆըղալի, որ իր ինքնաշարժին` Միթսուպիշի Լենսըրի հետ արձանագրեց 2′ 03″ 41 արդիւնք մը: Երկրորդ հանդիսացաւ Իսմաթ Սայֆի (նոյն ինքնաշարժէն, 2′ 10″ 51), իսկ երրորդ` Նետիմ Հալապի (Սուպարու Իմփրեզա, 2′ 12″ 13):
Նշենք, որ ոչ արհեստավարժ վարորդներուն մէջ առաջին հանդիսացաւ Էլի Հաժ (Պի. Էմ. Տապըլիու, 2′ 13″ 82):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուներուն եւ այլ անձնաւորութիւններու ներկայութեան:
CATEGORIES Մարզական