«Ազդակ»` Ութսունեօթը Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն . Թրքական Դեսպանատան Կողմէ Հայ Մամուլին Դէմ Բացուած Դատին` «Ազդակ» Եւ «Զարթօնք» Անպարտ Արձակուեցան
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Վճիռէն ետք` արդարութեան պալատի սրահին մէջ
Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան կողմէ հայ մամուլին դէմ բացուած դատը աւարտեցաւ արդարութեան յաղթանակով, եւ «Ազդակ» ու «Զարթօնք» օրաթերթերը անպարտ հռչակուեցան:
Հայկական երկու թերթերը անպարտ արձարկուեցան` դատական ատեանը ամբաստանագիրին մէջ հիմնական որեւէ տուեալ գտած չըլլալով: Վճիռը, որ պատմական նշանակութիւն ունէր հայութեան համար, անոր արդար դատին եւ անժամանցելի իրաւունքներուն գծով, մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ վճիռի արձակման պահուն, արդարութեան պալատին մէջ գտնուող բազմութեան կողմէ:
Արդարեւ, հոն էին խորհրդարանի փոխ նախագահ Միշէլ Սասին, Պէյրութի հայ երեսփոխան Մովսէս Տէր Գալուստեան, հայ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի պատասխանատու տնօրէնները` Հայկ Պալեան եւ Բարունակ Թովմասեան, երկու օրաթերթերուն խմբագիրները, ինչպէս նաեւ հետաքրքիր հայրենակիցներ, որոնք փութացած էին դատարան` մասնակից դառնալու համար յիշատակելի այդ պահուն առթած անհուն ուրախութեան:
Ուրբաթ, 10 յուլիս 1970, ժամը 10:00-ին, մեթր Մոհսէն Սլիմի եւ Հրաչեայ Շամլեանի ընկերակցութեամբ, ատեանի նախագահին ներկայացան «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի պատասխանատու տնօրէնները եւ ստացան վճիռին հաստատագիրը: Տեղւոյն վրայ գտնուող հայեր իրենց շնորհակալութիւններն ու շնորհաւորանքը յայտնեցին մեթր Սլիմին, որ այնքան անձնուիրաբար ստանձնած էր երկու թերթերուն դատը, հայութեան դատը, անոր յաղթանակին մէջ տեսնելով յաղթանակը Լիբանանի հիմնական արժէքներուն, յաղթանակը` մարդկային արդար իրաւունքներուն:
Անպարտ արձակման լուրը, որուն ակնդէտ կը սպասէր հայ ժողովուրդը, արտակարգ խանդավառութիւն ստեղծեց հայկական բոլոր շրջանակներու մէջ: «Ազդակ»-ի խմբագրատան հեռաձայնը շարունակ կը հնչէր, մեծ էր հետաքրքրուողներու թիւը: Պարագան նոյնն էր նաեւ «Զարթօնք»-ի խմբագրատան համար: Բոլորն ալ սրտայոյզ արտայայտութիւններով կը շնորհաւորէին երկու թերթերը, ամբողջ հայ մամուլը, ձախողած տեսնելով զայն լռութեան դատապարտելու կոչուած թրքական ոտնձգութիւնները:
Այդ վճիռով, Լիբանանի արդարութեան եւ այս երկրի արդարամիտ դատաւորներուն հանդէպ հայութեան ունեցած խոր վստահութիւնը աւելի եւս ամրապնդուեցաւ: Թուրք կառավարութիւնը մեծ յոյսերով ելած էր ճամբայ եւ կը կարծէր, թէ զանազան միջամտութիւններով եւ ճնշումներով, պիտի կրնայ կաշկանդել հայ մամուլին ազատութիւնը, այլ խօսքով` ազատութիւնը լիբանանեան ամբողջ մամուլին, որուն անանջատելի մասը կը կազմեն մեր թերթերը:
Ստացուեցաւ ճիշդ հակառակ արդիւնքը, լիբանանեան արդարութիւնը հաստատեց, թէ հայ մամուլը իրաւունք ունի խօսելու այն անմարդկային ոճիրներուն մասին, որոնց ենթարկուեցաւ հայութիւնը Թուրքիոյ կողմէ:
Առաջին օրերէն սկսեալ, բոլորին համոզումը այն եղաւ, որ թրքական այս նախաձեռնութիւնը միջամտութիւն մըն է Լիբանանի ներքին գործերուն: Հայ ժողովուրդի բարեկամները այս գիտակցութեամբ կանգնեցան հայ մամուլի կողքին:
Այս գիտակցութիւնը ունեցաւ մամլոյ սենտիքան, երբ հայատառ երկու թերթերուն դատը նկատեց իրը եւ, յանձին իր նախագահին, ինքզինք ամբաստանուող կողմ նկատեց:
Նոյն գիտակցութեան վկայութիւնը տուին Լիբանանի ամէնէն անուանի իրաւաբանները, որոնք սիրայօժար կերպով, արդարութեան պաշտպանի պատմուճանը հագած, ատեան ներկայացան` ի խնդիր հայութեան արդար իրաւունքներուն:
Ու վերջապէս, այս գիտակցութիւնը ունեցաւ հայ ժողովուրդը, որ առաջին օրէն, Լիբանանի մէջ թէ այլուր, մէկ մարդու պէս, միասնական ոգիով ու անվկանդ կեցուածքով, տէր կանգնեցաւ իր մամուլին, տէր կանգնեցաւ իր ազատութեան, ազատ խօսքի իր իրաւունքին:
***
Մամլոյ պատժական վերաքննիչ ատեանը իր վճիռը արձակեց, յայտարարելով.
Ատեանը
Զայն քննարկելէ ետք,

Յաղթանակի ժպիտը` Մոհսէն Սլիմի դէմքին վրայ: Ձախէն աջ, առաջին շարքի վրայ` Երուանդ Փամպուքեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Կարօ Համբարձումեան եւ Հրաչեայ Շամլեան:
Եւ պարզելէ ետք` մեղադրեալ երկու յօդուածներով Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը անարգած ըլլալու յանցանքով ամբաստանուած «Ազդակ» եւ «Զարթօնք» հայկական երկու օրաթերթերուն դէմ հետապնդումին տուեալները,
Եւ տալէ ետք ընդհանուր դատախազութեան եզրակացութեանց մէկ ամփոփումը,
Կը հրահանգէ հայկական երկու օրաթերթերուն դէմ հետապնդումներուն դադրեցումը, որ կը համապատասխանէ անվերապահ անպարտ հռչակման:
Ամրապնդելու համար իր եզրակացութիւնները, Ատեանը կու տայ հետեւեալ վերլուծումը,-
Նկատի ունենալով որ երկու ամբաստանեալները հերքեցին իրենց դէմ ուղղուած ամբաստանութիւնները, յայտարարելով թէ մեղադրեալ յօդուածները ո՛չ մէկ անուանարկում եւ ո՛չ մէկ նախատինք կը պարունակեն Թուրքիոյ պետութեան գլխաւորին դէմ, եւ ձեռամբ իրենց պաշտպաններուն ներկայացուցին` ներկայ հետապնդումին առարկայ մեղադրեալ յօդուածներուն համապատասխան թարգմանութիւնը:
Պաշտպանութիւնը հետեւաբար կը պահանջէ հետապնդումներուն դադրեցումը եւ ամբաստանեալներուն անպարտ արձակումը, հիմնուելով այն տուեալին վրայ, թէ անուանարկումի յանցանքին բաղկացուցիչ պայմանները չեն լրացուած:
Ընդհանուր դատախազութիւնը ինք եւս պահանջեց հետապնդումներուն դադրեցումը, տրուած ըլլալով որ մամլոյ թիւ 62 յօդուածին բաղկացուցիչ պայմանները եւս լրացուած չեն:
Նկատի ունենալով որ ներկայ հարցին առարկայ մեղադրեալ յօդուածէն ի յայտ կու գայ, թէ խնդրոյ առարկան իրականութեան մէջ պատմական տեղեկագրումն է արիւնալի ջարդերուն, որոնց առարկայ եղաւ հայ ժողովուրդը օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ պատմութեան ընդմէջէն,
Նկատի ունենալով որ մեղադրեալ յօդուածներուն մէջ արձանագրուած արտայայտութիւնները իրենց ամբողջութեան եւ մասնայատկութեան մէջ թրքական պետութեան գլխաւորին ո՛չ մէկ վարկաբեկում կ՛ուղղեն, այլ նպատակադրած էին միայն քննադատել թրքական իշխանութեանց քաղաքականութիւնը,
Նկատի ունենալով որ մամլոյ օրինագրքին թիւ 62 յօդուածը բացայայտօրէն կը նախատեսէ դատապարտում մը օրաթերթի դէմ միա՛յն այն պարագային, երբ ան անուանարկումի յանցանք մը կը գործէ օտար ազգի մը հանրապետութեան նախագահի մը անձին դէմ,
Նկատի ունենալով որ մեղադրեալ յօդուածներուն մէջ գոյութիւն չունի որեւէ յիշատակութիւն, որ թրքական պետութեան գլխաւորին դէմ անուանարկում կամ վարկաբեկում պարունակէր,
Հետեւաբար, այս ներկայ հարցին մէջ վերոյիշեալ յօդուածին բաղկացուցիչ պայմանները չեն լրացուած, եւ թէ տեղին է հրահանգել երկու ամբաստանեալներուն դէմ բացուած հետապնդումներուն դադրեցումը:
Այս Պատճառներով
Լսելէ ետք ընդհանուր դատախազութեան եզրակացութիւնները,
Ատեանը կը հրահանգէ երկու ամբաստանեալներուն, Հայկ Պալեանի եւ Բարունակ Թովմասեանի դէմ բացուած հետապնդումներուն դադրեցումը, տրուած ըլլալով որ իրենց վերագրուած յանցանքը հիմնաւորուած չէ:
* * *
Պաշտպան փաստաբան մեթր Մոհսէն Սլեմ իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ուր կը յայտարարէր.

Ատեանի նախագահը` Իսամ Պարուտի (սեղանին ետին), Մովսէս Տէր Գալուստեան, որ կը շնորհաւորէ մեթր Մոհմէն Սլիմը, ինչպէս նաեւ Գերսամ Ահարոնեան, Բարունակ Թովմասեան եւ Հայկ Պալեան
Թուրքիոյ հանրապետութեան նախագահը անարգած եւ անուանարկած ըլլալու ամբաստանութեամբ` դատական հետապնդումի ենթարկուած հայկական երկու թերթերուն` «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի ի նպաստ մամլոյ դատարանին արձակած անպարտութեան վճիռը, իրականութեան մէջ կը հանդիսանայ յաղթանակ մը լիբանանեան եւ արաբական ամբողջ մամուլին համար, ինչպէս նաեւ լիբանանեան անկախ արդարութեան եւ Լիբանանի մէջ տիրող ժողովրդավարական վարչակարգին:
Լիբանանեան արդարութիւնը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ ի վիճակի է ստանձնելու իր պատասխանատուութիւնները եւ պահպանելու սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած հիմնական ազատութիւնները: Գալով լիբանանեան մամուլին` ան եւս փաստեց, թէ իր միութեամբ, միասնականութեամբ եւ հայրենասիրութեամբ` կրնայ դիմակալել զինք կաշկանդել ուզողները:
Զուտ հայկական գետնի վրայ, այս առթիւ թող թոյլ տրուի մեզի ըսելու, թէ տրուած վճիռը համայն աշխարհի հայութեան առջեւ բացաւ ամէն հեռանկար` որպէսզի դիմէ պահանջելու իր արդար իրաւունքները եւ հայկական հարցը. իր ամբողջ տարողութեամբ եւ ծանրութեամբ, դնելու միջազգային հանրային կարծիքին առջեւ:
Գալով այն փաստաբաններուն եւ իրաւաբաններուն, որոնք սիրայօժար ստանձնեցին այս հարցին եւ հայկական դատին պաշտպանութիւնը լիբանանեան արդարութեան առջեւ, անոնց բերած օժանդակութիւնը խորքին մէջ փայլուն յաղթանակ մըն է ազատութեան, արդարութեան եւ հիմնական Արժէքներու համար, որոնք անհրաժեշտ տարրերն են Լիբանանի գոյատեւման: Այս պատմական հարցին մէջ լիբանանեան արդարութեան տուած անպարտութեան վճիռը անվիճելիօրէն կը հաստատէ այն իրողութիւնը` թէ Լիբանան դարձած է միջազգային իսկական ատեան մը, ուր կրնան արծարծուիլ բոլոր արդար եւ օրինաւոր դատերը ու պաշտպանուիլ այնպէս` ինչպէս կը պաշտպանուին մեծ դատերը, միջազգային ատեաններու առջեւ»:
* * *
Վճիռի հրապարակումէն ետք «Ազդակ» 13 յուլիս 1970-ի թիւով եւ «Իրաւունքի մը իրագործումը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
… Նկատի ունենալով, որ ներկայ հարցին առարկայ մեղադրեալ յօդուածէն ի յայտ կու գայ, թէ իրականութեան մէջ, ան պատմական տեղեկագրումն է այն արիւնալի ջարդերուն, որոնց ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ պատմութեան ընթացքին…
Գիտէինք, թէ Արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ, մանաւանդ ա՛յս երկրին մէջ:
Գիտէինք, թէ Լիբանանեան Դատարանը, իր աւանդութեանց գծով, պիտի տայ արդարագոյնը վճիռներուն:
Վստահ էինք լիբանանցի դատաւորներուն արդարամտութեան, արիութեան եւ կորովին:
Այդ գիտակցութեամբ եւ այդ վստահութեամբ գացինք դատարան, գնաց մեր ժողովուրդը` տէրն ու պաշտպանը իր ազատ մամուլին:
Բայց վճիռը` որ տրուեցաւ եւ զոր չվարանեցանք պատմական կոչելու, գլեց անցաւ բոլոր ակնկալութիւնները:
Անպարտութեան պարզ վճիռ չէ, դատական հետապնդումներու կասեցման իրաւական հրահանգ մը չէ միայն այդ վճիռը, այլ անոնցմէ վեր, անոնցմէ աւելի պերճիմաստ հաստատում մը, ու արժէք է ա՛յս հաստատումին համար, պատմական` ա՛յդ հաստատումին բերումով:
Ուրախութիւն է մեզի արձանագրել, թէ մեր սիրելի երկրին Ատեանը առաջին իսկ նիստին ընդունեց պաշտպան կողմին այն տեսակէտը, թէ հարցը մամուլի պարզ դատ մը ըլլալէ աւելի, քաղաքական խնդիր մըն է, քաղաքական բնոյթ ունի եւ միայն այդ հիմունքով կը բացատրուի:
Այդ ըմբռնումին նուիրագործումը մենք կը տեսնենք յուլիս 10-ի վճիռին մէջ, ուր բացարձակապէս յստակ է մանաւանդ այն հատուածը, զոր արտագրած ենք այս խմբագրականին սկիզբը` իբրեւ հիմնական նիւթ մեկնաբանութեան, յառաջիկային թողնելով «Ազդակ»-ի եւ «Զարթօնք»-ի դատին առիթով թէ՛ մեր կեանքին եւ թէ ընդհանրապէ՛ս լիբանանեան կեանքին մէջ ի յայտ եկած երեւոյթներ, որոնք արժանի են առաձին ուշադրութեան:
Ուրբաթ, 10 յուլիսի վճիռով, պետական դատարան մը կը կատարէ անվիճելի վկայութիւն մը, երբ կը նկատէ, թէ խնդրոյ առարկայ մեղադրեալ յօդուածը «Պատմական տեղեկագրումն է այն արիւնալի ջարդերուն, որոնց ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ պատմութեան ընթացքին»:
Երբ դատական ատեան մըն է այս տողերուն հեղինակը, բառերը այլեւս կը ստանան իրենց ամբողջական իմաստը, իրաւականօրէն նուիրագործելով այն պատմական անժխտելի իրողութիւնը, թէ «հայ ժողովուրդը օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ պատմութեան ընթացքին ենթարկուած է արիւնալի ջարդերու», ուստի, այդ ժողովուրդին մամուլը, որ լոյս կը տեսնէ ազատ երկրի մը մէջ, անբռնաբարելի իրաւունքը ունի կատարելու «պատմական տեղեկագրումը» այդ դէպքերուն, այլ խօսքով` մարդկութեան խղճին առջեւ դնելու անժամանցելի ցեղասպանութեան մը դատը, այնքան ատեն որ այդ ահաւոր ոճիրին դերակատարները եւ անոնց ժառանգորդները որեւէ քայլ չեն առած նիւթական եւ բարոյական արդար հատուցումի մը համար:
Յուլիս 10-ի իր վճիռով, լիբանանեան արդարութիւնը բաժնած կ՛ըլլայ մեր պաշտպան փաստաբան մեթր Մոհմէն Սլիմի այն տեսակէտը, թէ «Լիբանան դարձած է միջազգային իսկական ատեան մը, ուր կրնան արծարծուիլ բոլոր արդար դատերը ու պաշտանուիլ այնպէս` ինչպէս կը պաշտպանուին մեծ դատերը միջազգային ատեաններու առջեւ»:
Անկախ մեր պարագայէն, մամլոյ դատարանին վճիռը առաջին քայլը կ՛առնէ` Լիբանանին տալու առաքելութիւն մը, որ կ՛ենթադրէ բարոյական բարձր հեղինակութիւն մը եւ արդարութեան գերազանց ըմբռնում մը:
Լիբանան ունի այդ երկու նախատարրերը ու եթէ տակաւին տարակուսողներ կրնային գտնուիլ, հայ մամուլի ազատութեան, հայ ժողովուրդին անժխտելի իրաւունքներուն ի նպաստ արձակուած վերջին վճիռը կու գայ անխախտ համոզումի վերածելու արդար ակնկալութիւն մը:

