Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Հայաստանի Չորս Գիւղերու Մէջ Ջուրի
Մատակարարման Ծրագիրներու Իրականացում

IMG_0130Ապրիլ 25-ին Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (ԱՄՆ ՄԶԳ), «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնարկը (FPWC) ազդարարեցին ջրամատակարարման ենթակառուցուածքի բարելաւման ուղղուած ծրագիրներու մեկնարկը: Նախաձեռնութեան շնորհիւ` էականօրէն պիտի բարելաւուի ըմպելի ջուրի հասանելիութիւնը Հայաստանի չորս գիւղական համայնքներուն մէջ` Տաւուշի Բերքաբեր գիւղին եւ Արմաւիրի Հայկաւան, Արազապ եւ Լուկաշին գիւղերուն մէջ: Ծրագիրը պիտի իրականացուի գործընկերներուն կողմէ` 2014 թուականի մարտին ստորագրուած համաձայնագիրի ծիրին մէջ:

Լուկաշին գիւղին մէջ կայացած նախաձեռնութեան ներկայ էին ԱՄՆ ՄԶԳ հայաստանեան առաքելութեան տնօրէն Քարեն Հիլիարտ, «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան, Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամի հիմնադիր Ռուբէն Խաչատրեան, Լուկաշինի գիւղապետ Կարէն Մկրտչեան եւ համայնքի բնակիչները:

Թերի ջրամատակարարումը, տկար ճնշումը, անարդիւնաւէտութիւնը եւ անվտանգութեան ոչ բաւարար մակարդակը վերոնշեալ չորս շրջաններուն դիմաց ծառացած լուրջ խնդիրներ են: Տուներուն մէջ ըմպելի ջուրը կա՛մ սահմանափակ է` օրական 2-3 ժամ, կա՛մ ընդհանրապէս չկայ, ինչ որ կը ստիպէ բնակիչները մօտակայ աղբիւրներէն դոյլով ջուր կրելու: Ջուրի ու ելեկտրականութեան կորուստը նոյնպէս տարածուած երեւոյթ է անարդիւնաւէտութեան` հինցած ենթակառուցուածքներու եւ ջրաչափերու բացակայութեան պատճառով:

«Բոլորս գիտենք, որ Արարատեան դաշտավայրում ստորգետնեայ ջրերը նուազում են, որի պատճառով մի շարք գիւղեր ջրի խնդիր ունեն: ԱՄՆ ՄԶԳ-ի նպատակն է վերակառուցել հին ու անարդիւնաւէտ ջրամատակարարման համակարգերը` ջուրն ու ելեկտրականութիւնը խնայելու եւ բնակիչներին մաքուր ջրով ապահովելու համար», յայտնած է Ք. Հիլիարտ:

Ծրագիրներուն միջոցով այս խնդիրները լուծում պիտի ստանան` նոր խողովակաշարերու, ջրմուղի կայաններու եւ ջրամբարային կայաններու տեղադրման միջոցով, ինչպէս նաեւ` ջրային համակարգերուն մէջ ջրաչափերու տեղադրումով, ինչ որ մեծապէս պիտի օժանդակէ ջուրի օգտագործման արդիւնաւէտութեան բարձրացման: Համայնքները ձեռք պիտի բերեն եկամուտի յաւելեալ աղբիւր:

«Եկամտաբերութեան ցածր մակարդակ ունեցող գիւղերում ջրամատակարարման համակարգերի ստեղծումն ու բարելաւումը կենսական նշանակութիւն ունեն կեանքի որակի բարելաւման առումով: Ջրամատակարարման ենթակառուցուածքի առկայութիւնը համայնքների գոյութեան, պահպանման եւ երկարաժամկէտ զարգացման էական նախապայման է», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեանը:

Ծրագիրները պիտի իրականացուին ԱՄՆ ՄԶԳ-ի «Մաքուր ուժանիւթ եւ ջուր ծրագրի» եւ FPWC-ի կողմէ: Ընդհանուր առմամբ, ծրագիրի արդիւնքներէն պիտի օգտուին վերը նշուած չորս գիւղերու շուրջ 6800 բնակիչ: Ծրագիրներու ծիրին մէջ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը եւ ԱՄՆ ՄԶԳ-ն տրամադրած են համապատասխանաբար 70 միլիոն եւ 60 միլիոն դրամ:

Բակօ Սահակեան Շուշիի Զարգացումը Կը Նկատէ
Արցախի Առջեւ Ծառացած Գերխնդիրներէն Մէկը

0503PagoԱրցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 2 մայիսին այցելած է Շուշի քաղաք: Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան համաձայն, նախագահը մասնակցած է արցախեան պատերազմի անուանի հրամանատարներէն մէկուն` Շուշիի պաշտպանական շրջանի հրամանատար, «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր, գնդապետ Վաչագան Իշխանեանին յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարի բացման արարողութեան: Ան կարեւոր նկատած է արցախեան ազատամարտին աշխուժ մասնակիցներուն յիշատակի յաւերժացումը` թէ՛ քաղաքական, թէ՛ բարոյական տեսանկիւններէ:

Այնուհետեւ նախագահ Սահակեան մասնակցած է 2013-ի աշխատանքներու ամփոփման նուիրուած շրջանի վարչակազմի նիստին: Զեկոյցներով հանդէս եկած են վարչակազմի ղեկավար Վլադիկ Կասեանը եւ համապատասխան ստորաբաժանումներու ղեկավարները:

Բակօ Սահակեան Շուշիի շրջանի եւ համահայկական արժէք ու կարեւորութիւն ունեցող Շուշի քաղաքի զարգացումը նկատած է հանրապետութեան առջեւ ծառացած գերխնդիրներէն մէկը` աւելցնելով, որ նման իւրայատկութիւն յաւելեալ պատասխանատուութիւն կը դնէ համապատասխան մարմիններու ուսերուն եւ կը պահանջէ աշխատանքներու պատշաճ իրականացման գործընթաց: Ձեռնարկներուն կը մասնակցէին Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:

Սփիւռքին Նուիրած Գումարով
Արցախեան Գիւղը Պիտի Մաքրուի Ականներէ

Քաշաթաղի շրջանի Կարեգահ գիւղը այս տարուան մայիսին պիտի մաքրուի ականներէ: Այս մասին «Արմէնփրէս»-ին յայտնած են «Landmine Free Artsakh» խումբէն` նշելով, որ այդ աշխատանքը պիտի կատարուի շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի նուիրատուներուն տրամադրած 35 հազար տոլար յատկացումին:

Ամերիկահայերու մեծ ներդրումները կարելիութիւն տուած են, որ հոկտեմբեր 2013-ին մաքրուի Քաշաթաղի շրջանի Նորաշէնիկ գիւղը` ականներէ եւ այլ վտանգաւոր պայթուցիկ նիւթերէ:

Անկէ առաջ Վիրաբ Շաբոյեան կը վախնար թոյլատրել իր երեխաներու այգիին մէջ խաղալ: «Ես աներկբայ պէտք է շնորհակալութիւն յայտնեմ բոլոր այն մարդոց, որոնք կ՛ապահովեն իմ եւ այս շրջանի բոլոր երեխաներուն անվտանգութիւնը: Ես շատ շնորհակալ եմ, որ կան մարդիկ, որոնք գումար կը տրամադրեն նմանատիպ բարեգործութեան համար», յայտնած է Վիրաբ Շաբոյեան:

Տասնմէկ հազար տոլար նուիրուած էր աշխարհի հնագոյն եւ ականազերծման մեծ HALO Trust բարեսիրական ընկերութեան` նախորդ հոկտեմբերին գիւղը ամբողջութեամբ մաքրելու նպատակով:

Ընդհանուր առմամբ գիւղին մէջ յայտնաբերուած եւ ոչնչացուած էին 12 ականներ եւ 28 այլ հրանօթային արկեր: Այժմ Վիրաբի երեխաները կրնան անվտանգ խաղալ, գիւղացիները կրնան մշակել ամբողջ հողը եւ ամբողջ գիւղը այլեւս վտանգի մէջ չէ:

«Landmine Free Artsakh» խումբը կը կատարէ Արցախը ականներէ մաքրելու առաքելութիւն, ինչպէս նաեւ հանրութիւնը իրազեկ կը դարձնէ Արցախի խնդիրներուն մասին` ականներու վերաբերեալ: Ցաւօք, վերջերս ականներու պատճառով արձանագրուած են երկու դէպքեր, որոնց իբրեւ հետեւանք` զոհուած են Ռոբերտ Աբրահամեանը եւ Նորիկ Աբալեանը:

Ըստ «Ֆրիտըմ Հաուս»-ի, Հայաստանի Մէջ
Մամլոյ Ազատութիւնը Նահանջած Է

Ժողովրդավարութեան, քաղաքական ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու ոլորտներուն մէջ հետազօտութիւններ կատարող «Ֆրիտըմ հաուս» ամերիկեան ոչ կառավարական կազմակերպութիւնը 1 մայիսին հրապարակած է մամլոյ ազատութեան վերաբերեալ 2014-ի զեկոյցը: Զեկոյցին մէջ ներառուած է 197 երկիր, որուն 63-ը (32 տոկոս) գնահատուած է «ազատ», 68-ը (35 տոկոս)` «մասամբ ազատ», 66-ը (33 տոկոս)` «անազատ»: Հայաստանի ցուցանիշը անկում արձանագրած է 1 կէտով եւ 62 միաւորով Հայաստան կը շարունակէ մնալ «անազատ» մամուլ ունեցող երկիրներու շարքին մէջ: Մինչ նախորդ տարուան զեկոյցին մէջ Հայաստան 4 միաւորով բարելաւած էր իր դիրքը` 2011-ի 65 միաւորի փոխարէն ստանալով 61 միաւոր:

Freedomhouse.org կայքին վրայ զետեղուած զեկոյցին հեղինակները արձանագրած են, որ աշխարհին մէջ մամլոյ ազատութեան ընդհանուր ցուցանիշը այս տասնամեակին ընթացքին հասած է իր ամէնէն ցած կէտին:

«Ամբողջ աշխարհին մէջ մամուլի ազատութեան ցուցանիշի անկումը երկիրներու կառավարութիւններուն կողմէ լրատուական ոլորտը վերահսկողութեան տակ առնելու գործողութիւններուն հետեւանքն է: Մենք ճշդած ենք, որ անցեալ տարի աշխարհի բոլոր տարածաշրջաններուն մէջ ե՛ւ իշխանութիւնները, ե՛ւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչները յարձակումներ գործած են լրագրողներուն վրայ, բովանդակութեան գրաքննութիւն կատարած են, ինչպէս նաեւ քաղաքական դրդապատճառներով հրահանգած են լրագրողները աշխատանքէ հեռացնել», յայտնած է զեկոյցի տնօրէն Քարին Քարլիքարին:

Ազատ լրատուական դաշտ ունեցող երկիրներուն լաւագոյն հնգեակին մէջ են` Հոլանտան, Նորվեկիան, Շուէտը, Պելճիքան եւ Ֆիլանտան, իսկ վատագոյններն են` Պիելոռուսիան, Էրիթրէան, Թիւրքմենստանը, Ուզպեքստանը եւ Հիւսիսային Քորէան:

Անազատներու կարգին են նաեւ Թուրքիան` 65 կէտով, Ռուսիան` 81, իսկ Ազրպէյճանը` 84 միաւորով: Զեկոյցին մէջ յատուկ կերպով նշուած է, որ մամուլի ազատութեան վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ Ազրպէյճանի մէջ: Հայաստանի տարածաշրջանի երկիրներուն մէջ ամէնէն ցած մակարդակի վրայ է Իրանը (90 միաւոր), մինչդեռ լաւագոյնն է Վրաստանը, որ 47 միաւորով «մասամբ ազատ» երկիրներուն ցանկին մէջ է:

Պիտի Ուսումնասիրուին Թուրքիոյ Մէջ
Կրօնափոխ Եղած Հայերուն Խնդիրները

«Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան հարցերի ուսումնասիրութեան կենտրոն»-ին մէջ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի` որպէս Հայաստանի նախագահին կողմէ գործընկեր կազմակերպութեան յայտարարած «Հայութեան խնդիրներն ու իրաւունքները Թուրքիայի հանրապետութիւնում» անուանակարգով դրամաշնորհի ծիրին մէջ 26 ապրիլին կազմակերպեց սեմինար մը` «Թուրքական իշխանութիւնների վերաբերմունքը կրօնափոխ հայութեան նկատմամբ» նիւթով:

«Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան հարցերի ուսումնասիրութեան կենտրոն»-ի ղեկավար Հայկազուն Ալվրցեան, որ կը համագործակցի «Մշակոյթ եւ հասարակութիւն» հասարակական կազմակերպութեան հետ, նշեց. «Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ տրամադրուող դրամաշնորհը պիտի օգնի մեզի` մեր գործը հասցնելու իր հանգրուանին: Մեր նպատակն է պատրաստել ամբողջական հրատարակութիւն մը` Թուրքիոյ մէջ հայերու իսլամացման պատճառներուն, անոնց ունեցած ներկայի դժուարութիւններուն մասին»: Ան յայտնեց, որ պիտի երթան Արեւմտեան Հայաստան, պիտի զրուցեն կրօնափոխ հայերու հետ, պիտի ուսումնասիրեն անոնց մասին հրատարակուած յօդուածները, իսկ ուսումնասիրութեան արդիւնքները պիտի ամփոփեն գիրքի մը մէջ, որ նաեւ պիտի թարգմանուի թրքերէնի:

ԵՊՀ Արեւելագիտութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Ռուբէն Մելքոնեան նկատել տուաւ, որ իսլամացած հայերուն խնդիրը միշտ նկատուած է ամէնէն քիչ ուսումնասիրուած նիւթերէն մէկը: Բայց վերջին տարիներուն կարելի եղաւ այդ բացը դարմանել: «Կան շարք մը գիտական յօդուածներ, գիրքեր: Սա ամենահրատապ խնդիրներից մէկն է, քանի որ գործ ունենք հայութեան մի շերտի հետ, որը հեռու է իր կրօնից եւ սովորոյթներին, բայց նրանց մեծ մասը հաւատարիմ է մնացել իր արմատներին: Թուրքիայում 50-60 հազար հայ կայ, եւ մէկ միլիոնի հասնող կրօնափոխ հայեր: Այլ բան է, որ մենք գործ ունենք 50-60 հազար հայի հետ, մէկ այլ բան, երբ գործ ունենք մէկ միլիոն առաւել յիսուն հազար հայի հետ: Այդ հայերն ապրում են հայկական տարբեր հատուածներում, եւ նրանք կարող են տեղերում հայկականութեան պահպանման համար խթան հանդիսանալ», դիտել տուաւ ան:

Անդրադառնալով կրօնափոխ հայերու խնդիրներու ուսումնասիրութեան կարեւորութեան` Ռ. Մելքոնեան նշեց. «Կրօնափոխ հայերը Թուրքիայում Ցեղասպանութեան ուղղակի ապացոյցներն ու շարունակականութիւնն են, դա մի ապացոյց է, որը թուրքական կողմի համար ժխտելը ուղղակի անհնար է»:

«Ընտանիքի Ընկեր» Ծրագիրին Նպատակն Է
Սուրիացի Ընտանիքներու Եւ Տեղացի
Հայերուն Միջեւ Ընկերութիւն Հաստատել

Ապրիլ 26-ին մեկնարկած է «Ընտանիքի ընկեր» ծրագիրը, որուն նպատակն է Սուրիոյ հակամարտութեան պատճառով տեղահանուած 45 ընտանիքներու եւ տեղացի հայ ընտանիքներու միջեւ անմիջական ու ընկերական յարաբերութիւններու հաստատման աջակցիլ:

Ծրագիրը նախաձեռնած է ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակը` Միացեալ Նահանգներու ֆինանսական աջակցութեամբ: Ծրագիրը կը գործադրէ «Կազա» զուիցերիական մարդասիրական հիմնադրամը:

Ծրագիրի հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցած է «Կազա» հիմնադրամի «Էսփաս» երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ: Զարինէ Յարութիւնեան` հիմնադրամի ծրագիրի պատասխանատուն, բացատրած է. «Հիւրընկալող ընտանիքները կապ կը հաստատեն տեղահանուած ընտանիքների հետ, եւ քաջատեղեակ լինելով երկրի եւ հասարակութեան առանձնայատկութիւններին, կ՛ուղղորդեն եւ կ՛աջակցեն նոր ժամանած ընտանիքներին գործնական խորհուրդներով եւ անհրաժեշտ տեղեկատուութեան տրամադրմամբ: Ընտանիքները նաեւ միմեանց հետ ազատ ժամանակ կ՛անցկացնեն, միասին կ՛այցելեն մշակութային եւ տեսարժան վայրեր»:

«Ծրագիրը մի կողմից մեծ հնարաւորութիւն ունի նպաստելու տեղացի հայերի եւ Սիրիայում հակամարտութեան պատճառով տեղահանուած ընտանիքների միջեւ միջմշակութային երկխօսութեան ամրապնդման, միւս կողմից` մեր երկրում փոխօգնութեան մշակոյթի զարգացման», յայտնած է «Կազա» հիմնադրամի տնօրէն Անահիտ Մինասեանը:

Իր ողջոյնի խօսքին մէջ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի հայաստանեան գրասենեակի պատասխանատու Քրիստոֆ Պիերուիրթ նշած է. «Տեղահանուած բնակչութեան պաշտպանութիւնը եւ անոնց համարկումը բարդ եւ բազմակողմանի գործընթաց է: Համապատասխան կարգավիճակի եւ փաստաթուղթերու, կացարանի, աշխատանքի կարելիութեան տրամադրումը եւ բազմաթիւ այլ գործընթացներ ի հարկէ կարեւոր են, սակայն իւրաքանչիւր գաղթականի համար առաւել կարեւոր է տուեալ երկրին մէջ տրամադրուած ապաստանը դարձնել իրենց համար հարազատ տուն»:

«Հակամարտութեան պատճառով իրենց հարազատներն ու սիրելիները լքած մարդոց համար շատ կարեւոր է ընդունուած զգալ, նոր միջավայրին յարմարելու համար օգնութեան հնարաւորութիւն կամ խորհրդատուական աջակցութիւն գտնել, ինչ որ, սակայն, կարելի չէ իրականացնել տեղեկատուական գրքոյկներու կամ պաշտօնական դասընթացքներու միջոցով: «Ընտանիքի ընկեր» ծրագիրին նպատակը այդ աջակցութեան տրամադրումն է», ըսած է Պիերուիրթ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է «Կազա» հիմնադրամի կամաւորներուն` իրենց ներգրաւուածութեան համար եւ աւելցուցած, որ ծրագիրը միայն մէկ նպատակ չի հետապնդեր: «Գաղթականները եւ այլ տեղահանուած անձեր իրենց հետ Հայաստան բերած են հարուստ փորձառութիւն, գիտելիքներ եւ հմտութիւններ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ հիւրընկալող համայնքներուն ու ընտանիքներուն եւ մեծապէս նպաստած անոնց զարգացման: Այս ներուժը պէտք է անպայմանօրէն օգտագործել», նշած է Պիերուիրթ:

Շուրջ 1000 Սուրիահայերու Ժամանակաւոր
Կացարան Յատկացուած Է, 900-ին` Աշխատանք

0430assimilation«Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»-ը կազմակերպած էր «Համաձուլման ճամբէքով» խորագիրը կրող համագումար, որուն ընթացքին քննարկուած են սուրիահայերուն հիմնախնդիրները` բնակարաններու ապահովում, աշխատանքի հարց ու անոնց լուծման ուղիները: Համագումարին մասնակիցները անդրադարձած են նաեւ Քեսապի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն եւ` նշած, որ անհրաժեշտութեան պարագային ընդհանուր ծրագիր պիտի իրականացուի նաեւ Հայաստան գաղթող քեսապահայութեան համար:

2012 թուականէն Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմական վիճակին պատճառով Հայաստան գաղթած է մօտ 12 հազար սուրիահայ, որոնց հիմնական խնդիրը կեցութեան վայր եւ աշխատանք ունենալն էր: 2 տարիներու ընթացքին մօտ 1000 սուրիահայ ընտանիք դիմած է ժամանակաւոր կացարան ձեռք բերելու խնդրանքով: Բազմաթիւ միջազգային եւ համահայկական կազմակերպութիւններ, անհատ ձեռներէցներ օժանդակած են վերջիններուն` տրամադրելով բնակարաններու վարձքը: Այս տեղեկութիւնները փոխանցած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանը` աւելցնելով, որ քանի որ սեփական բնակարան ունենալու խնդիրը պիտի նպաստէ, որ սուրիահայերը մնայուն բնակութիւն հաստատեն հայրենիքի մէջ, Աշտարակի մէջ նախատեսուած է կառուցել «Նոր Հալէպ» թաղամասը:

Աշխատանք ունենալու խնդրանքով սփիւռքի նախարարութեան դիմած է 1765 սուրիահայ եւ, իբրեւ արդիւնք, այսօր կէսէն աւելին արդէն աշխատանք ունի: Գործարար ոլորտին աջակցելու իմաստով եւ քայլերու ձեռնարկուած են, եւ անոնք պիտի նպաստեն նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման: Փոքր եւ միջին առեւտուրով զբաղողներուն համար սահմանուած են վարկային արտօնութիւններ` 12 հազար տոլար վարկ` 4 տոկոսով, հինգ տարի մարման ժամկէտով: «Պետութիւնը մօտաւորապէս կէս միլիոն տոլարից աւելի գումար է յատկացրել մանր եւ միջին պիզնըսի ներկայացուցիչներին, որպէսզի իրենց պիզնըսը դնեն. արդիւնքում` արդէն մօտ 70 պիզնըս- ծրագիր է կեանքի կոչուել», յայտնած է նախարար Յակոբեանը:

Հրանուշ Յակոբեան անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները այն վերջին կաթիլներն էին, որոնք զգաստութեան մղեցին միջազգային հանրութիւնը. ան յայտնեց, որ ներկայիս 22 հոգի կը գտնուի Թուրքիոյ Վաքըֆ գիւղին մէջ, եւ Հայաստան Միջազգային կարմիր խաչին ներկայացուցած է պատանդներու ցանկը` զանոնք վերադարձնելու խնդրանքով: Սփիւռքի նախարարին համաձայն, աշխատանքներ կը տարուին քեսապահայութիւնը հայրենի բնակավայր վերադարձնել:

Viva-cell-logo2

 

 

Share this Article
CATEGORIES